Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25ին լիբանանահայութիւնը իր ոճով համա-խումբ, «դիմաւորեց» Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը՝ յիշեցնելով լիբանանցիներուն եւ համայն արաբներուն, որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիան չէ փոխուած, այնքան ատեն որ կ՛ուրանայ իր անցեալը եւ չի յարգեր հայերուն, լիբանանցիներուն եւ այլ հաւաքականութիւններուն նահատակները։
Ուրեմն, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մուտքին Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի այցելութեան դէմ լիբանանահայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան բողոքի հաւաքէն ետք, նոյն օրուան կ.ե. ժամը 1ին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ երեք համայնքներու եւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու բողոքի հաւաքը՝ ընդդէմ Էրտողանի Լիբանան կատարած այցելութեան։ Բողոքի հաւաքին ներկայ էր աւելի քան 10 հազար ցուցարար:
Կէսօրուան ժամը 12էն սկսեալ արդէն ցուցարարները Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշներով սկսած էին հաւաքուիլ հրապարակը, ուր ներքին գործոց նախարարութիւնը դիմած էր ապահովական խիստ միջոցառումներու։ Ցուցարարները բռնած էին ցուցատախտակներ, որոնց վրայ գրուած էին Թուրքիոյ իսկական դիմագիծը ներկայացնող եւ Էրտողանի Լիբանան այցելութիւնը մերժող կարգախօսեր։
Բողոքի հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Սարօ Թոնդեան, որ յայտնեց, թէ նշեալ ժողովրդային հանդիպումը կը միտի բարձրաձայն «Ո՛»չ ըսել Օսմանեան կայսրութեան անմիջական ժառանգորդը հանդիսացող Թուրքիոյ իշխանութիւններու ոտնձգութիւններուն։
Ան նշեց, որ Թուրքիա Իսրայէլի հետ թատերական թշնամութիւն ձեւացնող, բայց էապէս Իսրայէլի ռազմավարական սերտ դաշնակիցը հանդիսացող քաղաքականութիւն կը վարէ եւ այս ընթացքը դժբախտաբար կարգ մը լիբանանեան շրջանակներու կողմէ կը դիմաւորուի քստմնելի փառաբանանքով։
Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան խօսքը փոխանցեց Ալեքսան Քէօշկերեան, որ շեշտեց, թէ Նահատակաց հրապարակ հաւաքուած են հնչեցնելու համար զգուշացման փողերը եւ նշելու համար, թէ այդ հրապարակին վրայ օսմանցիները բարձրացուցին լիբանանցիներուն կախաղանները։
Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան անունով խօսք առաւ տոքթ. Մարտիկ Աւետիքեան, որ նշեց, թէ այսօր այս հրապարակին վրայ հաւաքուած ենք վերահաստատելու համար, որ մենք լիբանանցիներ ենք եւ կառչած կը մնանք Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքներուն, յատկապէս լիբանանահայոց իրաւունքներուն։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին պատգամը փոխանցեց Աւետիս Կիտանեան, որ նշեց, Թուրքիա այսօր կը փորձէ իրականութիւնները կերպարանափոխել եւ դրժել՝ իր անցեալը մոռացութեան տալու նպատակով։ Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ ու հիւրընկալել թշնամի Իսրայէլի դաշնակից Թուրքիան, որ մօտիկ անցեալին տարբեր առիթներով Լիբանան ներխուժած էր՝ քանդելով քաղաքներն ու գիւղերը, Կանայի, ինչպէս նաեւ Կազայի ու այլ շրջաններու մէջ սպաննելով ու անօթութեան մատնելով մանուկները։
Բողոքի հաւաքին աւարտին եզրափակիչ խօսքը լիբանանահայ երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն անունով ներկայացուց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ հաստատեց, որ մենք չենք կրնար մոռնալ ջարդուած մեր մտաւորականները, մեր տուները, աղօթատեղիները, հողը եւ Արարատ լեռը։
Հաւաքին ընթացքին, երիտասարդ ցուցարարներ Նահատակաց հրապարակին դիմագիծը անբիծ պահելու համար վար առին Էրտողանին բարի գալուստ մաղթող պաստառ մը եւ անոր տեղ զետեղեցին Լիբանանի ու Հայաստանի դրօշները։ Ներքին ապահովութեան ուժերը այս արարքին դէմ կանգնեցան, որուն իբրեւ հետեւանք տեղի ունեցաւ բախում՝ հայ երիտասարդներու եւ ապահովական ուժերուն միջեւ։ Բախումին միջամտեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ նշեց, թէ երիտասարդները ազատ են արտայայտելու իրենց կարծիքը եւ այդ պաստառին ներկայութիւնը Նահատակաց յուշակոթողին կողքին անընդունելի է ու վիրաւորական։
Այս առիթով, ցոյցի ընթացքին, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2, իբրեւ բողոք Պուրճ Համուտի եւ այլ շրջաններու հայկական վաճառատուները եւ խանութները յարգելով նախօրոք տեղադրուած միացեալ կոչերը փակեցին իրենց դռները։