ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 3ին, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հայամէտ անդամ Էտըմ Շիֆ «մեծապէս մտահոգիչ» որակած է «Ուիքիլիքս»ի կողմէ կատարուած բացայայտումներուն մէջ տեղ գտած ամերիկացի դիւանագէտներու այն պնդուները, թէ Հայաստանի կառավարութենէն պաշտօնատարներ դիւրացուցած են զէնքեր գնելու Իրանի փորձերը:
Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի իշխանութիւնները կը մերժեն այս բացայայտումներու մասին պաշտօնական հաստատում մը կատարել, սակայն Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը այս մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ շեշտեց, թէ նման փաստաթուղթերու մէջ կան «արտաքին քաղաքականութեան առնչուող նախնական ու ոչ ամբողջական կարծիքներ, զորս պէտք չէ ամերիկեան քաղաքականութեան արտացոլացումը համարել»:
Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ փաստօրէն Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Հայաստանի դէմ պատժական ոչ մէկ քայլի դիմած են, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ երկկողմանի յարաբերութիւնները բնականոն կը մնան: Ան աւելցուցած է, որ չի կարծեր, թէ այս բացայայտումը ազդեցութիւն պիտի ունենայ Քոնկրեսին ներկայացուցած՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին վրայ:
«Կը յուսամ, որ ամերիկեան կառավարութեան մէջ չըլլայ մէկը, որ մարդկային իրաւանց առնչուող այս բանաձեւը պատանդ դարձնելու մասին կը մտածէ», ըսած է Համբարեան: