ՖՆՈՄ ՓԵՆ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը մեկնած է Քամպոտիա, ուր կը մասնակցի Ասիական քաղաքական կուսակցութիւններու 6րդ միջազգային խորհրդաժողովին:
Այս ժողովին կը մասնակցին 26 երկիրներէ 89 կուսակցութիւններու 326 պատուիրակներ:
ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան:
Ժողովի ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը բազմաթիւ հանդիպումներ պիտի ունենայ ասիական տարբեր կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն հետ: