ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իր ծնունդի օրէն, Հայ ժողովուրդի ինքնութիւնն ու արժանապատուութիւնը ամրացնող եւ անոր իմաստ տուողը եղաւ մեր պատմութեան վերջին հարիւրքսան տարիներուն ընթացքին, որ քաղաքական այլազան վերիվայրումներով լեցուն պատմութիւն մը դարձաւ, Արեւելեան ու Արեւմտեան Հայաստանին մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքին, ուր իր ժողովուրդին գլխաւոր մէկ մասին հետ ապրեցաւ տարագիր, բայց հակառակ իր «աքսորեալ» վիճակին, Հայաստանէն հեռու, ան կրցաւ ամէն տեղ, ուր հայութիւն գոյութիւն ունէր, կազմակերպուիլ ու կազմակերպել, որպէսզի տարագիր հայու բեկորները կարենան ոտքի վրայ մնալ ու տոկալ իրենց դէմ ցցուող բոլոր արգելքներուն դիմաց:
Գաղթական ժողովուրդի այս անօրինակ պայքարին մէջ, Դաշնակցութիւնը գլխաւոր դեր ունեցաւ անշուշտ՝ մեզի ծանօթ ազգային ու քաղաքական գործերը շօշափելի իրականութեանց վերածելով: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ ան, քանի որ իր կազմաւորումէն ի վեր, հայ ժողովուրդի գոյութիւնն ու յարատեւումը, այլ սրբազան նպատակներու շարքին, իր գլխաւոր նպատակներէն մէկը դարձուցած էր, եթէ ոչ՝ գլխաւորագոյնը: Ժողովուրդը, մեծամասնութեամբ, գլխարկ կը բարձրացնէ ու կը խոնարհի ՀՅ Դաշնակցութեան կատարած այս ազգապահպան գործերուն առջեւ՝ քաջ գիտակցելով նաեւ, որ առանց նուիրական այս գործերուն, իր ազգային ոգին պիտի չքանար, պիտի խամրէր, գաղթականութեան ազգակործան ճանապարհներուն վրայ:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ հայրենի հողերուն վրայ հայ ժողովուրդի ծոցէն, ու հաւատարմօրէն ծառայեց իր միակ տիրոջ՝ հայ ժողովուրդին: Դաշնակցութեան համար հայրենիքին ու ժողովուրդին շահերը մնացած են ու պիտի մնան անգերազանցելի: Ան, անսակարկ կերպով ծառայած է անոնց ու պիտի ծառայէ վստահաբար, այնքան ատեն, որ գոյութիւն ունենայ ան, թէ՛ Հայաստանին մէջ եւ թէ Սփիւռքին: Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանը, իր արեւելեան ու արեւմտեան տարածքներով, Արցախի հայապահպան գոյութեան պաշտպանումն ու պահպանումը, սրբութեան համազօր գաղափարապաշտութիւն դարձած են իրեն եւ իր բազմահազար շարքայիններուն համար: Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ թէ հայ ժողովուրդը «դեռ շատ անկատար տենչեր ունի», անիրականացած գործեր՝ ըլլայ ներկայ Հայաստանին, ըլլայ Արցախին եւ ըլլայ Հայ Դատի ճամբով իր տարած քաղաքական ու դիւանագիտական միջազգային աշխատանքներուն մէջ:
Սփիւռքին մէջ, ներկայիս, իր գոյութեան նպատակները երեք են՝ ա. Հայ Դատի լայնածիր աշխատանքները ամբողջական ու իրաւական դարձնելու աննահանջ հետապնդում. բ. Գոյութիւն ունեցող հայ գաղթօճախներու հայապահպանում (նոյնպէս լայնածիր կերպով). գ. Ներկայ Հայաստանի եւ Արցախի պետական, ժողովրդավարական համակարգի լիիրաւ ամրացում: Այս վերջին կէտի լիարժէք իրականացման համար, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ մէկ ու անբեկանիլի գաղափարապաշտութիւն մըն է (այսպէս եղած է ան միշտ) Սփիւռքի, Հայաստանի ու Արցախի մէջ իր ունեցած միակամ կառոյցներով, ճիգ ու հետեւողական աշխատանք պիտի չխնայէ անոնց հաստատման սիրոյն իր պայքարած քաղաքական դիրքորոշումներուն մէջ:
Քաղաքական ու ներազգային կեանքին մէջ, հեզահամբոյր թեքումներ ունեցող ու գործադրող կուսակցութիւն մը չէ ան: Այդպէս երբեք չէ եղած իր յեղափոխական ու ազգային երդուեալ մկրտումէն ի վեր: Ազգային սրբազան դրոշմը, իր կատարած ազգանուէր գործերուն շնորհիւ՝ տեսանելի է իր լայնամուր ճակատին: Եւ այս մէկը ամէն տեղ է, ուր գոյութիւն ունեցած է եւ գոյութիւն ունի ան ներկայիս:
Դաշնակցական շարքային ըլլալը ամէն հայու գործը չէ: Պէտք է արդար ըլլանք եւ ընդունինք այս ճշմարտութիւնը: Դաշնակցութեան ուղին փշոտ է ու տատասկոտ, որ յարատեւ նուիրում ու մանաւանդ անձնազոհութիւն կը պահանջէ ամէն շարքայինէ, որ իր ազատ կամքով «զինուորագրուած» է ՀՅ Դաշնակցութեան, անոր Կանոնագիրին, Ծրագիրին, Զէնքին, Զինանշանին ու Դրօշին վրայ երդում տուած է, նախքան այս հսկայ բանակին անդամագրուիլը: Ով որ տարբեր կարծիք ունի մեր կուսակցութեան մասին, թող գիտակցաբար ու արդարօրէն ընդունի իր սխալած ըլլալը: Ըսի—ըսաւներ շատ կան ամէն կուսակցութիւններու մասին: Միշտ ալ եղած են, այնքան ատեն, որ գործունեայ կը մնայ ան: Սակայն ճշմարտութիւններն ու իրականութիւնները ակներեւ են ու դիւրաւ ճանաչելի: Կարեւորը զանոնք բաց մտքով եւ բաց աչքերով տեսնելն է ու իւրացնելը:
Հայ անհատը, ինչ մակարդակի վրայ որ գտնուի, մեծ նշանակութիւն ունի Դաշնակցութեան համար: Իր ժողովուրդին նկատմամբ, դիրքի, գործի եւ կամ կենցաղային մակարդակի տարբերութիւններ նկատի առած չէ ան՝ իր սկզբնական շրջաններէն սկսեալ: Մշակներէն, բանուորներէն, արհեստաւորներէն, մտաւորականներէն, աղքատներէն, հարուստներէն մինչեւ… իր առժամանակեայ, ներքին ու արտաքին ճակատներուն վրայ եղող պատասխանատուները, կանոնագրային լիիրաւ նոյն իրաւունքները ունին եւ կամ նոյն պատիժներուն ենթակայ են, եթէ գոյութիւն ունեցող հարցը կապ ունենայ կանոնագրային, ծրագրային ու գաղափարական հակադիրքաւորման մը հետ: Այս մարզէն ներս, Դաշնակցութիւնը շատ խստապահանջ եղած է ու հաստատակամ:
Դաշնակցութեան մէջ գոյութիւն ունեցած են նաեւ իրենց տուած երդումը դրժողներ, մերժողներ, թուլամորթներ: Հայ եւ օտար բոլոր կուսակցութիւններուն մէջ բնական երեւոյթ մըն է այս մէկը, որ ամբողջութեամբ կախեալ է ենթակային բռնած դիրքաւորումէն ու իր ցուցաբերած գաղափարական եւ գործելակերպային անհնազանդութենէն:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի վերջին անկախացումէն ետք, նոյն տարին իր ղեկավար կառոյցին մէկ մասը փոխադրեց Երեւան, հոն՝ հայրենի հողին վրայ գործելու եւ օգտակար դառնալու պատահած քաղաքական փոփոխութեանց: Քանի մը տարի ետք, սակայն, ան դէմ դիմաց եկաւ անտեղի ու անընդունելի դժուարութիւններու հետ, որոնք կազմակերպուած էին այդ տարիներուն Հայաստանին «տէր» դարձած նոր համայնավարամիտ իշխանաւորներուն կողմէ:
Անոնք՝ այդ նորելուկները, շուտով անդրադարձան սակայն, թէ իրենց հայրենիքէն երկրորդ անգամ ըլլալով աքսորուած այս կուսակցութիւնը, իր գաղափարաբանութենէն պարպուած կուսակցութիւն մը չէ եւ ոչ ալ կռուելէ, պայքարելէ ձանձրացած ու յոգնած հաւաքականութիւն մը: Ու որոշ շրջանէ մը ետք տեղի տուին իրենց առած այդ անպատուաբեր որոշումին դիմաց: Կատարած սխալիդ անդրադառնալն ալ որոշ առաւելութիւն է, անկասկած: Կրնաք վստահ ըլլալ սակայն, որ Դաշնակցութիւնը իր հարազատ երկրէն աքսորելով, նոյնիսկ զայն հանդիսաւոր կերպով «թաղելով», ինչպէս ըրին համայնավար Հայաստանի սկզբնական տարիներուն՝ սեւ դագաղ մը շինելով եւ կափարիչին վրայ ՀՅԴ գրելով, զայն գերեզման տարին ու փոսին մէջ նետեցին: Այսպիսով թաղուած ու հանգուցեալ համարեցին Դաշնակցութիւնը: Բայց միթէ խաչուած, թաղուած ու հանգուցեալ կը համարուի Յիսուսը, իր միլիոնաւոր հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ:
Այս բոլորը կատարելով ոչինչ պակսեցաւ Դաշնակցութեան ունեցած ներուժէն, որ յաւիտենական է ու դիմացկուն: Ու այս յաւիտենականութիւնն ու տոկունութիւնը, Դաշնակցութիւնը ժառանգած է իրեն ծնունդ տուող հայ ժողովուրդէն, որ հերոսական անցեալ ունի ու իր պատմութեան նկատմամբ խոր գիտակցութիւն:
Եկէք ընդունինք եւ խոստովանինք, դաշնակցական ըլլանք կամ ոչ, թէ Դաշնակցութեւնը հայութեան պարծանքն է: Իր կատարած հարիւրքսան տարուան բովանդակ գործերը ապացոյց են մեր ու ձեր զգացած այս պարծանքին, այս հպարտութեան, որ խորքին մէջ հայութեան սեփականութիւնն է, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ինքնանպատակ կուսակցութիւն չէ: Երբեք չէ եղած ան: Իր նպատակը ժողովուրդն է ու հայրենիքը:
Ներկայիս Դաշնակցութիւնը, որոշ ու մեզի ծանօթ հասարակական դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք, շնորհիւ Ազգային ժողովին մէջ (Խորհրդարան) իր ունեցած պատգամաւորներուն եւ ներքին ու արտաքին ճակատներուն վրայ իր կատարած դիւանագիտական այլազան աշխատանքներուն, իր ազդեցիկ ներդրումը ունի ներկայ կառավարութեան ծրագրած ազգային եւ օտար քաղաքականութեանց մէջ:
Պէտք է ընդունինք նաեւ, թէ ներկայիս Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ մեծ թիւով ժողովրդականութիւն չունի ան, ինչպէս ունի (եւ ունեցած է միշտ) Սփիւռքին մէջ: Մեզի ծանօթ են ասոր պատճառները, որոնք համայնավարական տարիներուն արմատացուած են հայրենի ժողովուրդի մտածելակերպին մէջ: Եօթանասուն եւ աւելի տարիներ հակադաշնակցական քարոզչութիւն լսած է ան, ու այդ տարիներուն, ինչ որ կառավարական մենատէրներու կողմէ կը խօսուէր, կը գրուէր ու կը քարոզուէր իրեն՝ ժողովուրդին, զանոնք հալած իւղի պէս կը կլլէր: «Ինչու» եւ «Ո»չ բառերը ժողովուրդին համար գոյութիւն չունէին համայնավար կուսակցութեան վարած հակաժողովրդական քաղաքականութեան մէջ, որ խորքին մէջ՝ հաւաքական մենատիրութիւն էր: Ձախաւեր ու անյաջող մենատիրութիւն:
Անձեռնպահ կերպով ընդունինք սակայն, որ ներկայ Հայաստանի մէջ, ամբողջական ժողովրդավարութիւն գոյութիւն չունի եւ ոչ ալ ազատ կամքի ու մտածելակերպի ազատութիւն: Ասոնց հասնելու համար տարիներ պիտի առնեն: Հիներուն հետ, հին ու փտած մտածելակերպերը պէտք է բոլորովին անհետանան մեր երկրէն: Դաշնակցութեան միակ յոյսը ներկայ ու գալիք երիտասարդութիւնն է: Առանց ազգային, գիտակից ու քաղաքագէտ երիտասարդութիւն ունենալու եւ զայն հայրենասիրութեամբ զինելու, շատ դժուար պիտի ըլլայ մեր գոյութիւնը պահել ու պաշտպանել մեզի դրացի թշնամի պետութիւններուն մէջ: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը արդարացի յոյսեր ունի Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հասակ առնող ու խելքը գլուխը եղող երիտասարդութեան վրայ:
Մեղա՜յ մեր յարատեւ աստուածներուն՝ Հայկին, Արային, Վահագնին. թող մեր տարեցները, մեծերը, չվրդովին այս գրածներուս համար: Մեր պատմութենէն մեզի ժառանգ մնացած աւանդութիւնն է այս մէկը, որուն պէտք է հնազանդինք գիտակցօրէն, առանց իրարանցնելու, այլապէս ազգովին անձնասպան կ՛ըլլանք, ու անոր յանցանքը ուրիշին՝ թշնամիին, վրայ պէտք չէ նետենք: Կ՛ըսեն՝ «Ազգերը չեն կորսուիր այլ ինքնասպան կ՛ըլլան»:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը բուռն կերպով կը հաւատայ ազգային ճշմարիտ դաստիարակութեան եւ լիիրաւ ժողովրդավարութեան, որովհետեւ առանց ժողովրդավարութեան, իբրեւ երկիր, իբրեւ պետականութիւն եւ իբրեւ ժողովուրդ՝ չենք կրնար յառաջդիմել, բարգաւաճիլ:
Ժողովրդավարութիւնն ու իրաւ եւ արդար կրթական համակարգը հիմնաքարերն են Հայաստանի տնտեսական, հասարակական ու քաղաքական, ներքին ու արտաքին, հզօրացման:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ծրագիրին մէջ, որ սրբութիւն մըն է իր անդամներուն համար, կը կարդանք հետեւեալը. «Ժողովրդավարութիւնը խարսխւում է մարդկային ու քաղաքական իրաւունքները եւ ազատութիւնները յարգելու վրայ: Ան, օրէնքով պաշտպանում է բազմակարծութիւնը, բազմակուսակցականութիւնը եւ խօսքի, խղճի, մամուլի, ստեղծագործելու եւ աշխատանքի լիակատար ազատութիւնը»:
Ներկայ Հայաստանին մէջ, լիիրաւ տարողութեամբ, չի գործեր նաեւ հասարակական արդարութիւն կոչուող ժողովրդանպաստ պետական համակարգը, որուն իրականացման պաշտպանը հանդիսացած է միշտ Դաշնակցութիւնը: Ժողովրդավարութիւնն ու հասարակական արդարութիւնը մեծ տեղ ունեցած են (եւ ունին տակաւին) Դաշնակցութեան կատարած ընդհանրական գործունէութեանց մէջ, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ, մանաւանդ, ներկայ Հայաստանին մէջ, ուր Ազգային ժողովին մէջ իր ունեցած լիարժէք պատգամաւորներուն միջոցաւ, անոնց բարելաւման համար, յարատեւ ու անզիջող պայքար կը տանի ան:
Այս բոլորէն ետք անշուշտ, վերջնական խօսքը կը պատկանի ժողովուրդին եւ ոչ թէ քօղածածկ քաղաքականութիւն վարող ու բարձր խաւերուն պատկանող իշխանաւորներուն, որոնք յանկարծակի կերպով մտածելու կը սկսին ժողովուրդին մասին ու անոր անունով կը խօսին, մանաւանդ քաղաքական նախընտրական պայքարներու ժամանակ: Ալ չեմ խօսիր անոնց ընտրուելէն, ժողովուրդին քուէն ստանալէն ետք պատահածներուն մասին: Ի՜նչ… ի՜նչ խոստումներ կը մոռցուին…: Վստահ եմ, որ խելացի եւ գիտակից ընթերցողը ամբողջութեամբ կը հասկնայ ըսածս:
Առարկայական ըլլալով եւ նկատի առնելով մանաւանդ Հայաստանի, Արցախի, Արեւմտեան Հայաստանի, æաւախքի, Սփիւռքի քաղաքական եւ հասարակական ներկայ իրավիճակները՝ անվերապահ կերպով կրնանք ըսել, թէ հայ ժողովուրդը, ամէնուրեք, կարիքը ունի Հ.Յ.Դաշնակցութեան հսկայ ներուժին, ինչպէս նաեւ իր հովանիին տակ գործող բոլոր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, ըլլան անոնք Երիտասարդական (Հայ Դատ), Համազգային (մշակութային), ՀՕՄ (բարեսիրական), ՀՄԸՄ (մարզական) եւ այլն:
Այս բոլորին մասին բաց ու հեռասլաց ուղեղներով մտածելով՝ հայ ժողովուրդին կը մնայ, ի սփիւռս աշխարհի ու յատկապէս ի Հայաստան Աշխարհի, թիկունք կանգնիլ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, հաւատալ անոր ժողովրդանուէր ծրագիրներուն, օժանդակել անոր կատարած աշխատանքներուն, որոնք կրնան միմիայն նպաստել, օգտակար հանդիսանալ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի բարենպաստ ամրապնդումին:
Հայաստանի քաղաքական ներկայ իրավիճակին մէջ ժողովրդանուէր փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են: Քարացած ու պնդացած մտայնութիւններու փոփոխութիւնները նոյնպէս անհրաժեշտ են: Դաշնակցութիւնը յարաճուն պայքար պիտի տանի այս բարեմիտ փոփոխութիւններու իրականացման համար:
Համբերենք ու աննահանջ կերպով եւ հաւատքով պայքարինք: Ահա թէ ի՛նչ կը հրահանգէ մեզի Հ.Յ.Դաշնակցութեան հարիւրքսան տարիներու հերոսական ու հայանուէր պատմութիւնը: Չմոռնանք մանաւանդ, թէ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք, ուխտեր ենք ծառայել երկար ժամանակ…»: