
ՎԵԼԻ ԿԼԵՆ, Քալիֆորնիա, «Տէյլի Նիուզ».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին, Նորթ Հոլիվուտի մէջ զինեալ ընդհարում մը տեղի ունեցած է խումբ մը հայերու միջեւ. բախումին հետեւանքով մէկ հոգի մահացած է, իսկ ուրիշ մը վիրաւորուելով՝ փոխադրուած է հիւանդանոց։
Միջադէպը տեղի ունեցած է Վիքթըրի փողոցին վրայ, Քոլտուոթըր Քէնյըն փողոցին մօտ գտնուող «ՄըքՏանալտզ» ճաշարանի կառատունէն ներս։ Ականատեսներու վկայութեամբ, զանազան ինքնաշարժներու մէջ գտնուող առնուազն չորս անձեր կառատան մէջ սկսած են բարձրաձայն վիճաբանելու հայերէն լեզուով, ապա դէպքի վայրէն կրակոցներ հնչած են։ Ականատեսներ ոստիկանութեան դիմած են. վերջիններս դէպքի վայրէն հիւանդանոց փոխադրեցին երկու անձեր. 30ականներու մէջ այր մարդ մը, որ կրակոցով վիրաւորուած էր կուրծքէն, մահացած է, իսկ վիրաւոր անձը 20ականներու մէջ է: Ոստիկանութիւնը յայտնած է, թէ առնուազն երկու յանցագործներ կրցած են խոյս տալ դէպքի վայրէն, կապոյտ ինքնաշարժով մը. փնտռտուքները կը շարունակուին։ Մինչ կարգ մը լրատուական աղբիւրներ միջադէպը նկատած են հայկական հրոսակախումերու առնչուող զինեալ ընդհարում մը, Լոս Անճելըսի ոստիկանութենէն Ալըն Հեմիլթըն յայտնած է «KTLA» կայանին, թէ ցարդ հաստատ փաստեր չկան, թէ միջադէպը հրոսակախումբերու միջեւ բախում մըն էր, այլ հաւանաբար՝ քանի մը հոգիի միջեւ ծագած վէճի մը հետեւանք: