
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ.ամ».- Ատրպէյճանը աշխարհի մէջ այն երկիրն է, որ ամենանուազ վստահութիւնը ունի թուրքերու նկատմամբ, թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է թուրք վեթերան դիւանագէտ, Փարիզի եւ Պրիւքսելի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Թեմել Իսքիթ:
Հարցազրոյցին ընթացքին, հանգստեան կոչուած թուրք դեսպանը, որ 41 տարի շարունակ աշխատած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, ստանձնելով տարբեր դիւանագիտական պաշտօններ՝ Իրանի, Իտալիոյ, Ֆրանսայի Պելճիքայի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ, մասնաւորապէս խօսած է թրքական արտաքին քաղաքականութեան եւ «Ուիքիլիքս»ի կողմէ հրապարակուած գաղտնի փաստաթուղթերու բովանդակութեան մասին:
Լրագրողը հարց տուած է. «Թուրքիան, յանուն Ատրպէյճանի, վիժեցուց Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացը, սակայն «Ուիքիլիքս»ի հրապարակումները բացայայտեցին, թէ ատրպէյճանցիները ամենեւին բարեկամաբար տրամադրուած չեն Թուրքիոյ հանդէպ: Թուրքիան այս իրողութեան մասին տեղեկութիւննր ունէ՞ր», որուն թուրք դիւանագէտը պատասխանած է. «Մենք միշտ լուր ունէիք այդ մասին: Թէ՛ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, միշտ ալ տեղեակ եղած են անկէ: Ես 2-3 տարի շարունակ մասնակցած եմ Պաքու-Ճէյհան քարիւղատարի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն, եւ պէտք է ըսեմ, որ մեզի հանդէպ ամենանուազ վստահութիւն տածող, բարեկամական ամենաքիչ մօտեցումը ցուցաբերող, ամենաշատ նեղութիւններ պատճառող եւ երկդիմի քաղաքականութիւն իրականացնող երկիրը Ատրպէյճանն է: Այդ պետութիւնը Թուրքիոյ երբե՛ք չէ աջակցած տարածաշրջանային այնպիսի համագործակցութիւններու ընթացքին, ինչպիսին է, օրինակ՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը: Ատրպէյճանը միշտ դիմացէն ժպտած է Թուրքիոյ, իսկ կռնակէն՝ հրաժարած է աջակցութիւն խոստանալէ»:
«Թարաֆ»ի այն դիտարկումով, թէ այդ բոլորը իմանալով հանդերձ, ինչպէս կ՛ըլլայ, որ ո՛չ Թուրքիան եւ ոչ ալ Ատրպէյճանը կը հրաժարին «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսէն, եւ թէ ի՞նչ է պատճառը, որ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը թուրք-ատրպեճանական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն վրայ իր ացդեցութիւնը չունենար՝ Իսքիթ պատասխանած է. «Պատճառը ժողովրդային պահանջներու գոհացում տալն է: Կը յիշէ՞ք, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք պահ մը խենթացած էին: Կը խօսէինք թրքական հանրապետութիւններու մասին: Մարդիկ կը ծիծաղէին՝ ըսելով. «Ռուսերէն ետք հիմա դուք յայտնուեցաք»: Ատրպէյճանը մեզի հանդէպ որքա՛ն ալ երկդիմի քաղաքականութիւն իրականացնէ, նոյնն է, մենք պիտի շարունակենք ամէն բանի առջեւ խոնարհիլ, ներքաղաքական ազգայնական շահերու եւ քուէներ հաւաքելու պատճառով: Պիտի շարունակենք աջակցիլ ու պիտի շարունակենք զէնք վաճառել անոր: Ատրպէյճանը՝ իբրեւ պետութիւն կայանալուն մէջ, մե՛նք ալ մեր բաժինը ունինք»: