
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- «Ուիքիլիքս»ի կողմէ բացայայտուած փաստաթուղթերը լոյս կը սփռեն «Հայաստանի կողմից Իրանին զէնքի մատակարարման» հարցին վրայ: Ըստ բրիտանական «Կարտիըն» թերթին, 2009 Յունուար 14ին, տեղի ունեցած են Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Մերի Եովանովիչի առանձին հանդիպումները Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) ղեկավար Գորիկ Յակոբեանի հետ: Ըստ Եովանովիչի նամակին, հանդիպման ժամանակ «Հայաստանի նախագահը խոստովանած է, որ զէնք կը գնէ Պուլկարիայէն»:
«Հանդիպումներուն ժամանակ ե՛ւ Սարգսեանը, ե՛ւ ԱԱԾ ղեկավարը չհերքեցին դէպի Իրան զէնքի առաքման հնարաւորութիւնը: ՀՀ ԱԱԾ ղեկավարը, հաւանաբար, կ՛ուզէր ակնարկել, թէ մեղքը պուլկարացիներունն է, եւ հնարաւոր է, որ անոնք օգտագործած ըլլան հայազգի մարդոց խումբ մը, որ կը գործէ Հայաստանի անունով», թերթը կը մէջբերէ Եովանովիչի խօսքը։
Ըստ Եովանովիչի, նախագահ Սարգսեան 4 ամիս շարունակ հանդիպումներուն ընթացքին ըսած է, թէ Հայաստանը զէնք չէ ուղարկած Իրան: Ըստ դեսպանի տեղեկատուութեան, Հայաստանի նախագահը հանդիպումներուն ընթացքին հաստատած է երկիրին պատրաստակամութիւնը շարունակել համագործակցութիւնը ԱՄՆի հետ, անվտանգութեան ու արտահանման վերահսկման ոլորտներէ ներս:
Փաստաթուղթերուն մէջ կը խօսուի նաեւ սպառնալիքի նուազեցման ու արտահանման վերահսկողութեան գծով ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Տոնալտ Մահլիի հանդիպման մասին՝ ՀՀ ԱԱԾ ղեկավար Գորիկ Յակոբեանի հետ: Մահլի ներկայացուցած է ամերիկեան ապացոյցները, որոնք կը վկայեն դէպի Իրան զէնք առաքելու մասին: Ըստ ԱՄՆ տուեալներուն, զէնքը արտադրուած է Պուլկարիոյ մէջ եւ տեղափոխուած է Հայաստան, ապա առաքուած է Իրան: Ըստ փաստաթուղթերուն, Յակոբեան հանդիպման ժամանակ հաւաստած է նաեւ, որ 1991էն ի վեր Հայաստանը շատ բան ըրած է՝ չդառնալու համար Ռուսիայէն Իրան զէնքի առաքման միջանցք:
Աւելի ուշ, Սերժ Սարգսեանի եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալին հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի նախագահը յայտարարած է. «Մենք գիտենք, որ մենք զէնք ենք գնել: Մենք կը պարզենք, թէ ինչպէ՛ս է այն տեղափոխուել այլ ուղղութեամբ եւ կը տեղեկացնենք ձեզ»: Նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած չէ համագործակցելու Իրանի հետ, զէնքի առեւտուրի ոլորտին մէջ: Փաստաթուղթերուն մէջ նաեւ կ՛ըսուի, թէ 2003ի սկիզբը պուլկարական ընկերութիւնը, որուն անուանը չի հրապարակուիր, զէնք վաճառած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին, ապա հայկական ընկերութիւնը հանդէս եկած է իբրեւ միջնորդ՝ զէնքը Իրան, այնուհետեւ՝ Իրաք տեղափոխելու գործին մէջ։