Հայաստանի Իմ Պտոյտը
Հինգ օր առաջ ես եւ իմ ընտանիքը գտնւում էինք Հայաստանում՝ երեք շաբաթով։ Սկիզբի երեք օրերը անցկացրեցինք գիւղում, ուր մնացինք մեծ եւ շքեղ տան մը մէջ, որ ունէր չորս ննջարան։ Յետոյ գնացինք Գառնի, Գեղարդ եւ հոն մնացինք մէկ օր։ Դրանից յետոյ իմ տարեդարձս էր եւ ես դարձայ տասնմէկ տարեկան։ Քսաներորդ օրը, Հայաստանում շատ հաճելի էր, բայց վերջը սկսեցի կարօտել «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» վարժարանը։ Իմ ութ եւ եօթը տարեկան զարմիկներիս հետ շատ հաճելի ժամանակ ունեցայ։ Ես միշտ կը սիրեմ իմ հայրենիքս։
Անի Թովմասեան
5րդ դասարան
Իմ Դպրոցս
Ես Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի աշակերտ եմ։ Դպրոցս ունի տասներկու դասարաններ։ Այս տարի ես հինգերորդ դասարան եմ։ Երեք տարի է, որ այս դպրոցը կ՛երթամ։ Ունիմ եօթը շատ լաւ ուսուցիչներ։ Նաեւ ունիմ երկու լաւ ընկերներ։ Գալով իմ նիշերուս, վեց հատ A+ ունիմ։ Չորս հատ ալ A։ Բայց ծնողքիս խոստացայ ինը հատ A+ ունենալ։
Ռոբերթ Խաչատուրեան
5րդ կարգ
Դպրոցս
Իմ դպրոցը Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանն է։ Իմ դպրոցը ունի դասարաններ՝ մանկապարտէզէն մինջեւ տասներկուերորդ դասարան։ Ամէն մէկ դասարանէն երկու բաժին կայ։ Երբ տասնմէկերորդ ըլլաս, դուն Հայաստան կ՛երթաս։ Իսկ երբ ութերորդ դասարան ըլլաս, կը ճամբորդես Ուաշինկթըն՝ Ամերիկայի մայրաքաղաքը։ Ես այս տարի հինգերորդ դասարան եմ եւ պիտի աւարտեմ դէպի վեցերորդ կարգ։
Ռոպերթ Եթենեքեան
Ես
Իմ անունս Գրիգոր է. ես տասը տարեկան եմ։ Ունիմ երկուորեակ եղբայրներ, անոնք վեց տարեկան են։ Ես հինգերորդ կարգ եմ։ Ես կը յաճախեմ «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարան։ Ամէն առտու վեցին կ՛արթննամ, որպէսզի դպրոց հասնիմ ժամը ութին։ Դպրոցս կը վերջանայ ժամը երեք անց կէսին եւ տուն կը հասնիմ չորսին։ Յետոյ, ժամը տասին, ես եւ եղբայրներս կը քնանանք։
Գրիգոր Պէքէրէճեան
Դպրոցս
Իմ դպրոցի անունը «Ալէք Փիլիպոս» է։ Բայց երբ ես երեք տարեկան էի, «Արդեկ» մանկապարտէզ կ՛երթայի։ Հոն մենք խաղեր կը խաղայինք ու ձեռային աշխատանքներ կը սարքէինք։ Յետոյ, հինգ տարեկանիս պատմութիւններ սորվեցայ։ Վեց տարեկանին առաջին դասարան էի ու եօթը տարեկանին՝ երկրորդ։ Ութին՝ երրորդ եւ իննին՝ չորրորդ։ Հիմա ես տասը եմ ու օրդ. Լենային դասարանն եմ։ Ես կը յուսամ, որ երբ տասնեօթը տարեկան ըլլամ, այս դպրոցը պիտի աւարտեմ։
Մանուշակ Աղազարեան
Դպրոցս
Իմ առաջին դպրոցս էր «Մարի Մանուկեան» վարժարանը։ Երբ դպրոց սկսայ, չորս տարեկան էի։ Եղբայրս երբ սկսաւ՝ երկու տարեկան էր։ Շատ կը սիրէի ընկերներս։ Ունէի ուսուցիչ մը, զոր շատ կը յարգէի եւ միշտ կ՛օգնէի իրեն։ Երեք տարի ետք, երբ վեց տարեկան էի, տեղափոխուեցանք Հոլիվուտ։ Երբ սկսայ յաճախելու «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարան, եօթը տարեկան էի։ Իմ դասարանիս մէջ տասնինը աշակերտներ կային՝ տասը աղջիկ եւ ինը տղայ։ Պզտիկ եղբօրս դասարանը քսանինը աշակերտներ կային:
Առտուները մայրս մեզ դպրոց կը բերէ ժամը ութին։ Ամբողջ օրը շատ ուրախ կը զգամ եւ զբաղուած կ՛ըլլամ։ Բոլոր դասերուս պահերը շատ կը սիրեմ։ Բայց շատ աւելի կը խանդավառուիմ, երբ ժամը տասներկու կ՛ըլլայ եւ ճաշի կ՛երթանք։
Թամար Նալպանտեան
5րդ դասարան
Մեր Ուղեւորութիւնը
Մենք ամէն ամառ երկու ամիս անցկացնում ենք Հայաստանում՝ Երեւանում։ Մեր ուղեւորութիւնը Լոս Անճելըսից Երեւան տեւում է մէկ օր։ Տեղ հասնելուց յետոյ, երեք-չորս օր տեւում է, որ յարմարուենք ժամանակի փոփոխութեանը։ Հինգերորդ օրը գնում ենք մայրիկիս մեծ պապային եւ եղբայրներուն մօտ այցելութեան։ Մայրիկիս մեծ պապան ծնուած է 20րդ դարում, 1913 թուականին, եւ մեզի շատ հետաքրքիր պատմութիւններ է պատմում իր կեանքէն։
Դաւիթ Բերբերեան
5րդ Դասարան
Եփած Խմորեղէնս
Օր մը մայրս ինծի սորվեցուց խմորեղէն թխել։ Բացատրեց, թէ ի՛նչ ձեւի պէտք է անենք։ Երկու բաժակ կաթ, տասներկու հատ ձու, չորս բաժակ ջուր, բոլորը իրարու հետ խառնելուց յետոյ, կ՛աւելացնենք երեք դգալ կասիայ եւ ութ դգալ մածուն։ Այս բոլորը իրարու հետ պէտք է դնել ամանի մը մէջ եւ եփել մէկ ժամ։ Երբ տեսնես երեսը լաւ կարմրած է, հանէ փուռէն, որ հանգստանայ։ Ամէնէն վերջը, քսան ժամ սառնարանի մէջ պահել։ Յաջորդ օրը՝ Հոկտեմբեր եօթին, ես խնդրեցի մայրիկէս, որ գոնէ եփած խմորեղէնս տանեմ իմ դպրոցս՝ «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարան, որ ընկերներս ուտեն։ Ես շատ հպարտ զգացի, որովհետեւ անոնք շատ սիրեցին իմ կարկանդակս։
Ժասմին Ֆարսակեան
5րդ դասարան
Իմ Դպրոցը
Ես սովորում եմ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանում։ Ուրախ եմ, որ իմ դպրոցը գոյութիւն ունի չորս տասնեակ տարիներ։ Արդէն հինգ տարի է ես այս դպրոցի աշակերտ եմ, ուր սովորում եմ վեց տարեկանից։ Իմ զարմիկը տեղափոխուեց իմ դպրոցը, երբ նա տասնչորս տարեկան էր։ Այժմ նա տասնվեց տարեկան է եւ մեր ծնողները հպարտ են, որ մենք՝ երկու զարմիկներս, սովորում ենք հոս, ուր ուսուցչական կազմը ջանք չի խնայում հայկական ոգով դաստիարակելու մեզ։ Ես արդէն տասը տարեկան եմ եւ սովորել եմ 1915 թուի թուրքերի կողմից հայերի նկատմամբ կատարած կոտորածի մասին։ Ուրախ եմ, որ տասնեօթը տարեկանում ես եւ իմ ընկերները վարժարանը աւարտելու ենք ա՛լ աւելի հայրենասիրական մտածելակերպով կրթուած։
Նելլի Վարդանէսեան
5րդ դասարան
Իմ Դպրոցը
Ես հինգ տարեկան էի, երբ առաջին անգամ յաճախեցի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան։ Եղբայրս նոյնպէս հինգ տարեկան էր, երբ յաճախեց նոյն վարժարանը։ Հիմա ես արդէն տասը տարեկան եմ եւ հինգերորդ դասարան եմ, իսկ եղբայրս երկրորդ դասարան է։ Ես շատ կը սիրեմ իմ վարժարանը։ Այս վարժարանին առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ աշակերտները առաջինէն մինչեւ տասներկուերորդ դասարան նոյն վարժարանին մէջ կը մնան։ Հիմա ես հինգերորդ դասարանին մէջ տասնմէկ առարկայ կը սորվիմ, բայց չորս առարկաներ ամէնէն շատը կը սիրեմ, անոնք են՝ մարզանք, հայերէն, կրօն եւ հայոց պատմութիւն։ Յաջորդ տարուան իններորդ ամսուն պիտի անցնիմ վեցերորդ դասարան։
Հովօ æերահեան
5րդ կարգ
Դպրոցս
Այսօր ամսուան առաջին օրն է՝ Սեպտեմբեր 1։ Դպրոցի առաջին օրն է. մեր դպրոցը երկու հարիւր աշակերտ ունի։ Դպրոց եկայ եւ տեսայ, որ տասնութ ընկերներ եւ ընկերուհիներ եկած էին։ Շարուեցանք։ Օրիորդը մեր անունները կը կանչէր եւ կ՛ըսէր, թէ մէկ դասարանի մէջ պիտի ըլլայինք։ Ան աւելցուց նաեւ, որ չորս ուսուցիչ մեզ պիտի սորվեցնէ։ Մեր դասարանը տասնինը աշակերտներ կան։ Օրիորդը մեզի տասը օրէնքներ սորվեցուց։ Ես շատ սիրեցի դասարանս եւ «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանը։
Թաթիանա Ակօբօկլու
«Ալէք Փիլիպոս» Վարժարանը
Ես կը յաճախեմ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարան։ Մի հատ աղջիկ մը կար, անունը՝ Ալեքսանտրա Իվանով, որ մինչեւ հիմա ընկերուհիս է։ Մենք մանկութենէն իրարու հետ եղած ենք։ Հիմա, մենք հինգերորդ դասարան ենք, ամէնէն լաւ ուսուցիչներով եւ դասընկերներով դպրոց կը յաճախենք։ Բոլորս մեր տնօրէնը՝ պրն. Նազարէթ Աբանեանը, կը սիրենք եւ կը յարգենք։ Ես շատ կը սիրեմ այս դպրոցը։ Կը յուսամ մնալ այս դպրոցին մէջ մինչեւ իմ աւարտական տարիս։ Իմ ընկերներս ալ շատ կարեւոր են ինծի համար։ Իրենց հետ մեծցած եմ եւ կ՛ուզեմ իրենց հետ մնալ։ Ուսուցիչներն ալ նոյնպէս։
Լիլի Կուշերեան
5րդ դասարան
Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս
Ազգային Վարժարան
Ես կը յաճախեմ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան։ Մի հատ աղջիկ մը կայ, անունը՝ Լիլի Կուշերեան։ Առաջին դասարանէն ընկերներ ենք։ Յետոյ, երկրորդ դասարանում, երկու հատ ալ ընկերներ գտայ՝ Մարօ եւ Թինա։ Մարօն երեք հատ եղբայրներ ունի։ Իսկ Թինան՝ չորս։ Քսան աշակերտներ ունի 6րդ դասարանը։ Հինգերորդ դասարանը ունի տասնութ աշակերտներ։ Իսկ 7րդը ունի տասը աշակերտուհիներ եւ հինգ տղայ։ Բայց հաճելի եւ հետաքրքրականը այն է, որ 8րդ դասարանը տասներկու աղջիկ եւ ութ տղայ կայ։
Ալեքսանտրա Իվանով
5րդ դասարան
Դպրոցս
Երեք տարեկան էի, իմ ծնողքս ձեռքէս բռնած՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարան տարաւ։ Անցաւ մէկ ամիս, ամէն օր կու լայի, յետոյ երկրորդ ամիսը այդքան ուրախ էի, որ երբ զանգը հնչէր, չէի ուզեր դասարանէն դուրս ելլել։ Մօրս կ՛ըսէի՝ դուն գնա՛։ Չորս օր հիւանդացայ եւ դպրոց չգացի. մօրս ամէն օր կ՛ըսէի՝ «Դպրոց երթամ»։ Երբ ես տասը դարձայ, հասկցայ, որ դպրոցը շատ կարեոր է, որպէսզի ուսում առնեմ եւ դոկտոր ըլլամ:
Ասպէտ Տէմիրճեան
5րդ դասարան
Իմ եւ Քրոջս Տարիքի
Տարբերութիւնը
Իմ անունս Սեւանա Ալիք Պարտաքճեան է, եւ կը յաճախեմ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան։ Ես քոյր մը ունիմ, անունը՝ Սոֆիա, որ երկու տարեկան է, իսկ ես՝ տասը։ Մեր մինչեւ կայ ութ տարի տարբերութիւն։ Երբ ես տասնմէկ տարեկան ըլլամ, ան կ՛ըլլայ երեք։ Երբ տասնեօթը տարեկան դառնամ, ան կ՛ըլլայ եօթը, եւ ուր որ ուզէ երթալ ես իրեն պիտի տանիմ, որովհետեւ երբ տասնեօթս ամբողջացնեմ, կրնամ ինքնաշարժ վարել։ Միշտ ուզած եմ պզտիկ քոյրիկ մը ունենալ եւ ուրախ եմ, որ փափաքս կատարուած է։ Կը յուսամ, որ ես եւ քոյրս շատ լաւ տարիներ կ՛ունենանք իրարու հետ։ Զինք շատ կը սիրեմ։ Ես իրեն շատ հոգ կը տանիմ, եւ երբ օգնութեան պէտք ունենամ, ան կը փորձէ ինծի օգնել։
Սեւանա Ալիք Պարտաքճեան
5րդ կարգ