ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Արմէնփրէս».- Դամասկոսի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Դեկտեմբեր 5ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի 1988ի երկրաշարժի զոհերու ոգեկոչման նուիրուած պատարագ:
Ըստ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, պատարագին մասնակցած են Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փօլատեան, դեսպանութեան անձնակազմը, դամասկահայ համայնքի հոգեւոր, աշխարհիկ, կուսակցական եւ միութենական ղեկավարութիւնը: Պատարագի աւարտին կազմակերպուած է յոյշ-ցերեկոյթ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցած են դեսպան Ա. Փօլատեան ու Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալբանդեան: