ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11ին, Դամասկոսի Համագումարներու պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ սիմֆոնիք ազգային նուագախումբին ելոյթը՝ հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Ռիատ Իսմաթի եւ կազմակերպութեամբ Երաժշտութեան բարձրագոյն հիմնարկին։
Սուրիահայ տաղանդաւոր երիտասարդ Միսաք Պաղպուտարեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ, նուագախումբը գրաւեց ներկաները, որոնց մէջ կային նաեւ մեծ թիւով օտարներ։ Խմբավարին կարողութիւնն ու տաղանդը բարձր գնահատուեցան բոլորին կողմէ, որովհետեւ ան մեծ հմտութեամբ կը ղեկավարէ բաւական մեծ թիւ կազմող նուագախումբ մը։
Յայտագիրին մէջ նկատի առնուած էին ստեղծագործական մեկնաբանութիւններ՝ Պեթհովենէն, Պութչինիէն, Ռոսինիէն, Պրամզէն, Մասաքնիէն։
Նշենք, որ Միսաք Պաղպուտարեան սիմֆոնիք ազգային նուագախումբին գեղարուեստական ղեկավարն է 2003 թուականէն ի վեր. իր ջանքերով նուագախումբը հրապարակած է ձայնասկաւառակներ, նաեւ մեծ յաջողութիւն արձանագրած է Սուրիոյ եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։