ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26ի երեկոն անմոռանալի յուշերով արձանագրուած պիտի մնայ ուրուկուէյահայ արուեստասէր հասարակութեան միտքին մէջ, երբ երջանկութիւնը ունեցանք վայելելու մեր անզուգական եւ մեր սրտին հասնող անաղարտ հայկական զուլալ ժողովրդական երգն ու եղանակը:
Արդարեւ այդ վայելքը պարգեւեց մեզի ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, երբ գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը մեր շրջանը ուղղարկեց յայտնի ժողովրդական երգի եւ երաժշտութեան մեկնաբաններ, ինչպիսիքն են՝ թարի մեծ վարպետ Արտիոմ Խաչատուրը, քանոնի սքանչելի մենակատար Կարինէ Յովհաննէսեանը, հանրածանօթ տուտուկահար Գէորգ Տապաղեանը, տուտուկահար Գրիգոր Թաքուշեանը, տհոլի լաւագոյն կատարողներէն Կամօ Խաչատրեանը եւ մեր բոլորին ծանօթ հայ երգի իշխան Գուրգէն Տապաղեանը:
Նման բարձր մակարդակի երաժիշտներու համերգին ներկայ գտնուելու հաճոյքը ունեցանք «Սթելլա» թատերասրահին մէջ:
Գուրգէնի երիտասարդ եւ կամաց-կամաց ինքզինք պարտադրող անոյշ ձայնը, հրաշալի երաժիշտներու կատարումները մեզ մտովին փոխադրեցին մեր հայրենի գեղեցիկ բնութեան գիրկը, ուր մեր լեռները, աղբիւրները, կանաչ դաշտերը դարձեալ նիւթ հանդիսացան գովերգելու մաքուր սէրը, բարի կեանքը մեր մեծ աշուղներու երգի ու բանաստեղծութեան ընդմէջէն՝ սկսելով Սայաթ Նովայէն, Ճիւանէն, Շերամէն, հասնելով նորերուն՝ աշուղ Գէորգին, աշուղ Երամին, Արտիոմ Խաչատուրին: Ներկայ էր նաեւ հայ երգի հսկան՝ Կոմիտաս վարդապետը՝ իր «Հորովել»ով:
«Կոմիտաս» Ռատիօժամ