ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Երեւանի մէջ, Դեկտեմբեր 7ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, «Պիպլոս» դրամատան խումբի գլխաւոր տնօրէն դոկտ. Ֆրանսուա Պասսիլ յայտարարած է. «Կայացման փուլէն ետք, 2011ը մենք կը դիտարկենք իբրեւ Հայաստանի մէջ Պիպլոս դրամատան գործունէութեան իրական մեկնարկի տարի»։
Անոր խօսքով, այդ նպատակով եւ նոր ղեկավարութեամբ դրամատունը մտադիր է զարգացնել վարկային դիմագիծը. «Մենք կը պատրաստուինք աջակցելու ընկերութիւններու զարգացման արդիւնաբերութեան եւ արտահանման ոլորտին՝ անով իսկ կրճատելով երկրի կախուածութիւնը արտահանումէն», նշած է ան:
Պասսիլի խօսքերով, «Պիպլոս» դրամատան խումբի մայր ընկերութիւնը նոյնպէս պատրաստ է աջակցելու ծրագիրներու զարգացման, եւ ընթացիկ տարուան մէջ, անիկա արդէն տրամադրած է նիւթական աջակցութեան երկարաժամկէտ միջոցներ՝ 10 միլիոն տոլարի չափով:
Իր կարգին, «Պիպլոս պանք Հայաստան» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Արարատ Ղուկասեան հաղորդած է, որ ընթացիկ տարուան արդիւնքներով, դրամատան վարկային դիմագիծը կը կազմէ շուրջ 12.5-13 միլիոն տոլար, որ անցեալ տարուան ցուցանիշէն աւելի է 42 տոկոսով, իսկ 2011ին, դիմագիծի աճը պէտք է կազմէ 60-70 տոկոս: