
ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 9ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, «Թրանսփարընսի ինթըրնեշընըլ» (ԹԻ) հակակաշառակերութեան կեդրոնի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Սոնա Այվազեանը յայտնած է, թէ գրասենեակը 2011էն սկսեալ կը շնորհէ իր նախկին ղեկավարին՝ Ամալիա Կոստանեանի, անուան մրցանակը, որ կը տրուի Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարին եւ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման գործին մէջ ներդրում ունենալուն համար:
Յիշեցնենք, որ «Թրանսփարընսի ինթըրնեշընըլ» կեդրոնի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Ամալիա Կոստանեան մահացած է այս տարուան Սեպտեմբեր 30ին։ Ան ունեցած է բաւական աշխոյժ գործունէութիւն՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ, նաեւ կը հետեւէր հայաստանեան ընտրութիւններուն՝ ահազանգելով հոն տեղ գտած խախտումներուն մասին: