ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահի տնտեսական հարցերով խորհրդական Վահրամ Ներսիսեանց նշանակուած է Համահայկական դրամատան գործադիր տնօրէն։ Դեկտեմբեր 9ին Վ. Ներսիսեանց եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ստորագրած են աշխատանքային պայմանագիրը։ Նշենք, որ վարչապետը Համահայկական դրամատան խորհուրդի նախագահն է։
Նոյն օրը, լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, Վ. Ներսիսեանց յայտարարած է, թէ Համահայկական դրամատան կանոնադրական դրամագլուխը 100 միլիոն տոլար է, որուն 20 միլիոնը տրամադրուած է պետութեան կողմէ, իսկ մնացեալը կ՛ամբողջացուի միջազգային ելեւմտական կազմակերպութիւններէ կամ այլ աղբիւրներէ: Սակայն, նոր տնօրէնը յստակ չէ կրցած նշել, թէ երբ կարելի պիտի ըլլայ լրացնել կանոնադրական դրամագլուխը: Ըստ անոր, շատ կարեւոր է, որ նորաստեղծ դրամատունը ձեռք բերէ լաւ համբաւ. «Վարկեր չենք տայ այն ձեռնարկութեանը, որը կապակցուած է որեւէ պետական պաշտօնեայի կամ նրա ընտանիքի հետ», յայտարարած է Վ. Ներսիսեանց:
Դրամատան հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ աջակցիլ արտահանման: Սակայն, ըստ Ներսիսեանցի, Համահայկական դրամատունը առեւտրային դրամատուն չէ: Դրամատունը չի մտներ այնպիսի ոլորտներ, ուր գործունէութիւն կը ծաւալեն առեւտրային դրամատուները: Դրամատան գործունէութեան առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլան տեղեկատուական գիտարուեստներու, բժշկական, կրթական եւ զբօսաշրջային ոլորտները:
Նշենք, որ նոյն օրը, նախագահ Սերժ Սարգսեանի ստորագրած հրամանագիրով, Վահրամ Ներսիսեանց ազատուած էր նախագահի խորհրդականի իր պաշտօնէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.