ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ընտանիքը դատական դիմում ներկայացուցած է «Ժամանակ» օրաթերթին դէմ՝ պարբերականը մեղադրելով ընտանիքին բարի համբաւը արատաւորելու մէջ:
«Ժամանակ»ի գլխաւոր խմբագիր Արման Բաբաջանեանը, զրոյցի մը ընթացքին նշեց, թէ Քոչարեան ընտանիքը պարզապէս կը փորձէ նիւթական ծանր դրութեան մէջ ձգել «Ժամանակ»ը: Անոր խօսքով, Ռ. Քոչարեան հերքում պահանջած է նշեալ թերթին մէջ տպագրուած քանի մը նիւթերու շուրջ, որոնք Բաբաջանեանի հաւաստումով տպագրուած էին: Սական, ըստ խմբագիրին, հերքման նիւթերուն հետ նշուած յիշեցումները, որոնց մէջ վերաշարադրուած է բուն հրապարակման բովանդակութիւնը, Քոչարեան ընտանիքը համարած է «իր բարի համբաւին» հասցուած կրկնակի վնաս.
«Ես արդէն մի քանի փաստաբան եմ հրաւիրել. ուզում ենք հասկանալ, թէ ի՛նչ հիմքով են իրենք համարում, որ իրենց համբաւին վնաս է հասցուել: Դա գործով որեւէ կերպ չի երեւում: Մենք մեր առարկութիւններն արդէն սկսել ենք նախապատրաստել», նշեց «Ժամանակ»ի խմբագիրը՝ աւելցնելով, որ այդ առարկութիւնները մինչեւ Յունուար 20 պէտք է ներկայացուին Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.