ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան-ԵՄ բանակցութիւններու երրորդ փուլին արդիւնքներով, Դեկտեմբեր 15ին, Արեւելեան Եւրոպայի, Հիւսիսային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով Եւրոյանձնաժողովի տնօրէն Կուներ Վիկանտ յայտարարած է, թէ Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի միջեւ ստեղծուած անդամակցութեան պայմանագիրի մշակման բանակցութիւնները կ՛ընթանան շատ անմիջական եւ արդիւնաւէտ:
Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստան եւ ԵՄ կրնան հասնիլ համագործակցութեան ամենաբարձր մակարդակի: Եւրոյանձնակատարը նշած է, որ արդէն իսկ տեսանելի են կաշառակերութեան դէմ պայքարի, կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ դատական բարեփոխումներու ոլորտին մէջ առկայ արդիւնքները: Կուներ Վիկանտ ընդգծած է նաեւ, որ ներկայիս բանակցութիւններ կ՛ընթանան ԵՄի հետ, անդամակցութեան նախագիծի մշակման շուրջ:
«Հայաստանի համար առաւել հեռանկարային է զբօսաշրջութեան ոլորտը: Բանակցութիւններ կը կատարուին նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին համար», նշած է Վիկանտ՝ աւելցնելով, որ բոլոր այս հարցերը աւելի մանրամասնօրէն պիտի քննարկուին Մայիսին, Պուտափեշտի մէջ կայանալիք «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովին ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.