ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 15ին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն կապերու համաձայնագիրի բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Կարինէ Ղազինեան յայտնած է, թէ ԼՂՀ հակամարտութեան բանակցային գործընթացը կը շարունակուի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափով: Անոր խօսքով, ԵՄ մշտապէս աջակցած է հակամարտութեան կողմերուն՝ խնդիրին խաղաղ կարգաւորում տալու համար, եւ մշտապէս կը հետեւի Մինսկի խումբի եռանախագահներու յայտարարութիւններուն ու աշխատանքներուն:
Հայաստան-Եւրոմիութիւն կապերու համաձայնագիրի բանակցութիւններուն եւրոպական կողմի գլխաւոր բանակցող Կունար Վիկանտ եւս ընդգծած է, թէ իրենք ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւին ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման. «Մեր խնդիրն է՝ հակամարտութեան կողմերուն համար ստեղծել հաղորդակցութիւն, եւ նպաստել համակարտութեան խաղաղ կարգաւորման», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.