ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 15ին, մասնակցած է Ստեփանակերտի ջրամատակարարման 8րդ գօտիի ենթակառուցուածքներու շահագործման յանձնուելու հանդիսաւոր արարողութեան:
Ըստ ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան, երկրին ղեկավարը կարեւոր համարած է շուրջօրեայ ջրամատակարարման ապահովումը՝ ընդգծելով, որ այս ուղղութեամբ աշխատանքները կը կրեն շարունակական բնոյթ:
Նշենք, որ նախագահին ուղեկցած են փոխվարչապետ, ելեւմուտքի նախարար Սպարտակ Թեւոսեան, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Վազգէն Միքայէլեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.