ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 15ին իր աշխատանքներուն սկսաւ ԱՊՀ պետական լրատուական գործակալութիւններու ղեկավարներու խորհուրդին 12րդ նիստը, որ կը տեւէ երկու օր։ Նիստին մասնակցելու համար Երեւան ժամանած են ԱՊՀ երկիրներու պետական լրատուական գործակալութիւններու ղեկավարներ: Կառոյցը ստեղծուած է 1996ին՝ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ 1995ի Նոյեմբեր 3ին ստորագրուած «ԱՊՀ պետական լրատուական գործակալութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի ստեղծման մասին» համաձայնագիրին հիման վրայ:
Նիստի բացման խօսքին մէջ, «Արմէնփրէս»ի տնօրէն Հրայր Զօրեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ նիստը Երեւանի մէջ կազմակերպելու նպատակով ցուցաբերուած մեծ աջակցութեան համար: Ըստ Հ. Զօրեանի, նիստին ընթացքին կը քննարկուին աւելի քան տասը հարցեր, որոնք կը վերաբերին կառոյցի գործունէութեան, ԱՊՀ 20ամեակի տօնակատարութիւններուն նուիրուած ձեռնարկներու լուսաբանման, ԱՊՀ տարածքին մէջ երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման ու կառոյցի համացանցային կայքի ձեւաւորման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.