ԿԱՊԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կազմակերպութեամբ «Ողջի» հասարակական կազմակերպութեան, աջակցութեամբ «Տինօ Կոլտմայնինկ Քամփընի» ընկերութեան եւ Սիւնիքի մարզպետին, Կապանցի հաշմանդամ երեխաները Դեկտեմբեր 12ին այցելած են Տաթեւի վանք: Երեսուն հոգի կազմող խումբը նախ տեսած է Տաթեւի վանքը, այնուհետեւ օգտուած է ճոպանուղիէն: Նշենք, որ այցը իրականացած է հաշմանդամ մարդկանց շահերու պաշտպանութեան միամսեակին ծիրէն ներս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.