ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Դեկտեմբեր 15ին մասնակցեցաւ «Ucom» ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակի բացման արարողութեան:
Կառավարութեան ղեկավարը Հայաստանի տնտեսական նախարար Ներսէս Երիցեանի եւ նշեալ ընկերութեան տնօրէն Հայկ Եսայեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացաւ կեդրոնի եւ ընկերութեան ծառայութիւններուն:
Հ. Եսայեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ գրասենեակի բացման մասնակցելու համար, եւ նշեց, որ այս գրասենեակը նոր շունչ պիտի հաղորդէ իրենց կողմէ մատուցուող նորարարական ծառայութիւններու ընդլայնման: Անոր խօսքով, կը նախատեսուի մատուցուող ծառայութիւններու աշխարհագրութեան ընդլայնման կողքին, աւելցնել նաեւ գրասենեակներուն թիւը:
«Ucom»ի գործակից «Ericsson» ընկերութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի փոխնախագահ Զօրան Լուկովիչ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ կառավարութեան, նշելով, որ առանց անոր օժանդակութեան, Հայաստանի մէջ հնարաւոր չէր ըլլար այս ոլորտին զարգացումը: «Մենք կը հաւատանք հայաստանեան շուկային՝ անոր աճին նկատմամբ: «Ucom»ի հետ համագործակցութիւնը մէկ տարուան պատմութիւն ունի. մեր գործընկերութիւնը հիմնուած է վստահութեան վրայ», յայտնեց Զ. Լուկովիչ՝ յուսալով, որ փորձի եւ նորարարութեան վրայ հիմնուած համագործակցութիւնը նպաստէ շուկայի զարգացման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.