ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 15ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը՝ Հայաստանի Զինուած ուժերու (ԶՈւ) գնդապետ Եուրի Խաչատուրովի եւ բարձրաստիճան այլ սպաներու ուղեկցութեամբ, այցելած է Զինուած ուժերու երկու զօրամասեր, եւ մասնակցած է բանակցային շինութիւններու բացման արարողութիւններուն:
Ծանօթանալով նորակառոյց զօրանոցներու պայմաններուն՝ նախարար Օհանեան նշած է, որ զինուորական ծառայողներու ծառայութեան պայմաններուն բարելաւումը շարունակական գործընթաց է, եւ այսուհետեւ նոյնպէս ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի ԶՈւ բոլոր զօրամասերուն մէջ զինուորները ունենան յարմարաւէտ զօրանոցներ, ժամանակակից սարքաւորումներով յագեցած ճաշարաններ, ուսումնական ընթերցումներու համար նախատեսուած բարեկարգ լսարաններ, գրադարաններ, մարզասրահներ եւ ժամանցի կազմակերպման համար անհրաժեշտ սենեակներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.