ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 15ին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Հանս-Եոխէն Շմիտթ յայտարարած է, թէ ՆԱԹՕ ըմբռնումով կը մօտենայ հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեան եւ հայկական կողմի շահագրգռուածութեան՝ Ռուսիոյ հետ ռազմական դաշինքի երկարացման հարցով: «ԽՍՀՄի փլուզումէն ետք, ՆԱԹՕի հիմնանպատակները փոխուեցան: Ան աչքին առաջ դրաւ նոր նպատակներ, որոնց մէջ էր նոր պետութիւններուն անդամակցումը կառոյցին: ՆԱԹՕի ընդլայնումը միայն խաղաղասիրական բնոյթ կը կրէ եւ պատերազմով չի սպառնար որեւէ պետութեան», յայտնած է դեսպանը՝ աւելցնելով, որ ՆԱԹՕն կը փորձէ համագործակցութեան եզրեր գտնել Ռուսիոյ հետ, ինչպէս օրինակ՝ ահաբեկչութեան անվտանգութեան հարցով»:
Անդրադառնալով հայկական ուժերու խաղաղասիրական առաքելութիւններու մասնակցութեան՝ դեսպանը բարձր գնահատած է Հայաստանի ջանքերը՝ շարք մը «թէժ կէտերու մէջ» կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման գծով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.