ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
«Կոռուպցեան դարձել է երկրի՛, ազգի՛ զարգացումը կասեցնող վտանգ, սպառնալի՛ք»։
ԱՐԾՈՒԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Ասպարէզ»ի շաբաթօրեայ թիւի մը մէջ, հայաստանեան «Լրագիր» թերթի աշխատակից Արման Գալոյեան «Կոռուպցեան համատարած է» խորագիրին տակ հարցազրոյց մը ունեցած է ՀՅԴ պատգամաւորական խումբի անդամ Արծուիկ Մինասեանի հետ։ Նոյն թերթին Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբերի թիւին մէջ, գրեթէ նոյն ընդվզեցուցիչ թեմայով հետեւեալ լրատուութեան պիտի հանդիպինք. «Հայաստանի վարչապետը կը շարունակէ հետապնդել կաշառակեր պաշտօնեաները»։
Կը շնորհաւորենք ԱԺի ՀՅԴ պատգամաւորական խումբի անդամներն ու Հայաստանի հանրապետութեան երիտասարդ ու կորովի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, որոնք գործնական միջոցներու կը դիմեն՝ հայրենի առօրեայ կեանքէն վերացնելու համար կաշառակերութեան համատարած ախտը։
Արդարեւ, Նոյեմբեր 18ի ՀՀ կառավարութեան նիստին, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան անդրադարձած էր երկու շաբաթ առաջ իր տուած յանձնարարականներուն, որոնք կարգ մը նախարարութիւններու կը վերաբերէին։ Վարչապետը իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս շեշտած էր, թէ նախարարները «կաշառակերութեան դէմ ուղղուած միջոցառումներու ժամանակացոյց պէտք է ներկայացնեն տասնօրեայ ժամանակահատուածի մը ընթացքին», եւ խոստացած էր «հանրային քննարկման» յանձնել արդիւնքները։
Յօդուածի մուտքին, դիտմամբ «գործնական միջոցներ» տարազը գործածեցի եւ ոչ «արմատական»ը, մեկնելով այն իրողութենէն, թէ Հայաստանի հանրապետութեան առօրեայ կեանքին «ռիթմ»ը կանունաւորող համատարած փտախտը արմատախիլ ընելու համար, ցարդ ձեռնարկուածէն աւելի խոր, աւելի արմատական, զանգուածային վիրաբուժութեան անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի։
Պարոն վարչապետին ձեռնարկածը, որքան ալ գովելի ու խրախուսիչ ըլլայ, «գոզմեթիք», մակերեսային բնոյթ ունի ու կոչուած է փոքր մակարդակի կաշառակերները, չըսելու համար՝ միամիտները, զգաստացնելու, իսկ աւելի ճարպիկներն ու գործելաձեւին մէջ երկար փորձառութիւն ունեցողները՝ աւելի զգուշաւոր, շնական ու սատանայատիպ դարձնելու, անուղղաները ընդյատակեայ գաղտնի գործունէութեան մղելու։
Անկախութեան յաջորդող ճակատագրական տարիներուն, երբ Տէր Պետրոսեանն ու ընկերները, ներկայ փտախտաւոր կարգերու հիմը կը դնէին, ՀՅԴի ղեկավարութիւնը Հայաստանի առաջին նախագահը զգուշացուց՝ անոր ընտրած ուղիին կործանարար էութիւնը մատնանշելով եւ դեռ անոր հաւանական անդրադարձը հանդիսանալիք անիշխանութիւնը ԼՊՏին ուշադրութեան յանձնելով։ Փոխարէնը, սակայն, Տէր Պետրոսեանի վարչակարգը, կաշառակերութեան ուղին ընտրեց, ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու՝ միլիոնատէր իր եղբօր մաշկը փրկելու, եւ Հայաստանը մատնեց ներկայի անյոյս վիճակին։
Մեր կարգին, ամբողջ երկու տասնամեակ ապրած ու գործած ենք փտախտաւոր ափրիկեան միջավայրի մը մէջ, ուր հազար տոլար գործառնութիւն ունենալու համար, 500ը կաշառք պիտի տայիր, ու դրան սեմին կանգնած պահակէն մինչեւ նախարարին ու պետական աւագանիին թաթերը պիտի իւղոտէիր։ Առանց միամիտ ձեւանալու, ընդունինք, թէ մենք ալ, կամայ թէ ակամայ, եւ յաճախ ստիպողաբար հետեւած ենք օտար գործարարներուն պարտադրուած խաղի օրէնքին։ Ընթացքին, փտախտաւոր այդ միջավայրին մէջ բաւական լուրջ փորձառութիւն ձեռք բերինք։ Մէկ խօսքով՝ տիղմին մէջ անսայթակ լողալ ու նաւարկել սորվեցանք։ Եւ երբ 1992ին, հայրենիք երկարատեւ մեր կեցութեան շրջանին, ականատեսը պիտի դառնայինք մաֆիայի ակնյայտ գործունէութեան եւ անոր ականաւոր պարագլուխներէն մէկուն փեսային շնորհուած պետական թաղումին, ամբողջ իր տգեղութեան մէջ, ափսոսանքով վկայեցինք հոն արմատ նետող ու ծլարձակող փտախտաւոր բարգերու գոյութիւնը։ Միջանկեալ ըսենք, թէ առաջարկուած ամսաթոշակներու յաւելումը, բացի քանի մը ազնիւ, փոքր չափանիշի կաշառակերներէ, միւսներուն վրայ ոչ մէկ բարերար ազդեցութիւն պիտի գործէ, առակի մէջ նշուած «ծակ աչքին» նման, որուն ամբողջ թագաւորութեան ոսկիները չբաւարարեցին, ափ մը հողը միայն կշիռքը կրցաւ դէպի միւս կողմ հակիլ տալ։
Ու անցնող ամէն տասնամեակ աւելի վատթարացուց տիրող վատառողջ մթնոլորտը։ Ինչպէս ափրիկեան ապրուած փորձառութիւններէս փխած «Փտախտ» վէպիս մէջ շեշտած եմ, նորանկախ երկիրի մը վարչակարգի գոյութեան համար ամէնէն զզուելին ու ոճրայինը՝ երկրին շնչերակները վերնախաւի մենաշնորհեալներուն յանձնելն է… եւ յաճախ՝ առանց այլ եւ այլի։ Ժողովրդային անապահով խաւերու անխնայ շահարկումը, անոր արեան վերջին կաթիլը քամելու գնով միլիառներ դիզելը, ի վերջոյ, խելագարած ամբոխը պիտի մղէ ընդվզումի, ըմբոստութեան եւ տիրող փտախտաւոր կարգերու դէմ յեղաշրջումի փորձերու։
Խօսելով մենաշնորհեալներու աղիտաբեր գործունէութեան մասին՝ նոյն վէպին մէջ կը հանդիպինք անոր դասական մէկ օրինակին։ Երբ յեղաշրջումէն ետք, բրինձ ներածելու «մոնոփոլիա»ն լիբանանցի մաֆիոզներէն տեղացիներուն անցաւ, քանի մը ամիս չանցած, անոնք բրինձի արուեստական տագնապ ստեղծեցին, եւ հրապարակէն վերացան սնունդ կազմող կենսատու մթերքները։ Բնական է որ գիները եռապատկուին։ Մինչ այդ, բրինձը շտեմարաններու մէջ խոնաւութենէն սկսաւ նեխելու, ու խեղճ ժողովուրդը սովի չմատնուելու համար, ահռելի գիներով կուլ տուաւ նեխածութիւնը… ուրկէ եկաւ վէպիս խորագիրը:
Առաջքը առնելու համար ժողովրդային արիւնալի ըմբոստութեան մը, վարչապետը հայրենապաշտ կուսակցութիւններուն ձեռք երկարելով՝ կեանքի պիտի կոչէ գիտական հիմունքներով, անբասիր ազգայիններէ կազմուած անձեռնմխելի յանձնաժողով մը, որուն կողքին հակակոռուպցիոն դատական մարմին մը պիտի գործէ, ու փոխանակ վհուկներու հալածանք սկսելու, ինչ որ երկրին կառավարման սահուն ընթացքը պիտի խոչընդոտէր, քանի մը յայտնի կաշառակերներ եւ գլանային վաշխառուներ պիտի բացայայտէ ու դատարան յանձնելով զանոնք՝ ապօրինի միջոցներով անոնց դիզած ինչքերն ու արտասահմանեան դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարները պիտի պետականացնէ։ Ապա, խաւարի նոյն ասպետները երկարժամկէտ բանտարկութեան կամ այլ պայմաններու տակ՝ գնդակահարման պիտի դատապարտուին, իսկ մնացեալ ասպետիկներուն պիտի փոխանցուի լռելեայն պատգամ զգաստութեան, հակառակ պարագային՝ «Ձեր ալ վախճանը ասոնց պիտի նմանի, եթէ կաշառքէն ձեռք չքաշէք…»:
Փորձուած է, վկայ՝ «Փտախտ» վէպին մէջ յիշուած Կերա Լեմոնի զինուորական խունթային կողմէ կեանքի կոչուած հակակոռուպցիոն դատարանի սկզբնական ապշեցուցիչ արդիւնքները։ Հայաստանի վարչապետին կողմէ կաշառակեր պաշտօնէութեան դէմ ձեռնարկուած հակափտախտ գործունէութիւնը ողջունելի գտնելով հանդերձ, Արծուիկ Մինասեան «քաղաքական շոու», բեմադրութիւն, կ՛որակէ վարչապետ Տիգրան Սարգիսեանի կողմէ նախարարներուն տրուած յանձնառարութիւնները։ Վերջերս, Հայաստանէն արտագաղթած շատ լուրջ մտաւորական մը, նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հարստութիւնը չորս միլիառ ամերիկեան տոլար կը գնահատէր։
– Կրնա՞ք փաստել ձեր այդ վերագրումը,- հարց տուի մեր բարեկամին։
– Այդ մասին քանիցս գրուեցաւ մամուլի մէջ,- պատասխանեց ան՝ աւելցնելով,- թող ժխտէր, եթէ սխալ վերագրում էր…:
Եւ ասոր նման հիմնաւոր կամ անհիմն ամբաստանութիւններ, գրեթէ ամէն օր կը լսենք անցեալի ու ներկայի պետական այրերու հասցէին։ Հետեւաբար, երբ մեծ շնաձուկերը թողած՝ ձկնիկներու հետ ժամավաճառ կ՛ըլլայ պարոն վարչապետը, որքա՛ն ալ անկեղծ ըլլան անոր գործադրած ճիգերը, անոնք պիտի չյաջողին համոզել թերահաւատ հայ զանգուածները։
Ո՞ւր է ելքը։
Առանց բացառութեան, բոլոր այն ղեկավարները, որոնց անունին շուրջ կասկածներ կը շրջին, կամաւոր կերպով պիտի ենթարկուին կեանքի կոչուելիք «հակակոռուպցիոն ատեան»ի մանրակրկիտ քննարկումներուն եւ անյապաղ մաքրեն իրենց անունը։ Տէր Պետրոսեանի մղձաւանջային իշխանութենէն ետք, մենք ալ շատերու նման, մեծ համարումով կապուեցանք Քոչարեանի վարչակարգին։ Մինչեւ այսօր, անհաւատալի կը թուի մեզի Հայաստանի երկրորդ նախագահի հասցէին եղած վերագրումները։ Պիտի ցրուին բոլոր տեսակի կասկածները, որոնք սկսած են հիմնաւորուելու հասարակ, անկաշառ հայրենասէրի միտքին մէջ։
Թոյլ չտանք, որ հայութիւնը հիասթափուելով՝ զզուանքով հեռանայ հայրենի հողէն ու իրականութենէն։ Ոչ մէկ պատուախնդիր ու հայրենասէր հայ ղեկավար պիտի ուզէր կասկածանքի սեպ խրել հայրենի եւ սփիւռքահայ հայրենասէրներու սրտին մէջ։
Սիերալէոնցիներուն ապրած իրերայաջորդ զինուորական յեղաշրջումներն ու եղբայրասպան կռիւները յանգեցած են բարբարոսական նախճիրի՝ երկիրը խրելով քաղաքացիական երկարատեւ ու արիւնալի պատերազմի մէջ, երբ հազարաւոր անչափահաս պատանի զինեալներ, եղծիչ ազդեցութեան տակ, իրարու ձեռքերն ու ոտքերը անճիտեցին:
Հայաստանի տարածքին տիրող կաշառակերութիւնն ու ընտրանիին շնորհուած առանձնաշնորհումը, պարզ անհատին անխնայ շահարկումը, հայ ժողովուրդին համբերութիւնը հատնել տալով՝ արիւնալի յեղաշրջումներու դուռ պիտի բանան։ Կարծես մոնղոլական գերիշխանութեան տակ դարձեալ կը հիւծի Հայաստան աշխարհը։ Կարծես արիւնարբու թուրքեր հաստատուած են հայոց աշխար ու արիւնաքամ կ՛ընեն բնիկ հայ ժողովուրդը … Իսկ անոնց արիւնակից ազերիները, սահմանին միւս կողմը դարանակալ կը սպասեն, որպէսզի առիթէն օգտուելով՝ գրաւեն Արցախ աշխարհը… դեռ առանց հաշուելու անոր հետեւանքով պատահելիք զանգուածային արտագաղթը։ Ի ցիւ, թէ զգաստանալով հայրենի ղեկավարութիւնը պահ մը լրջօրէն սերտէր կաշառակերութեան ու մոնոփոլիզմի չարիքները, ու դաս գաղէր նորանկախ միւս երկիրներու գլխուն եկած ողբերգութենէն։ Այո, եթէ միայն իրենց բարձրադիր աթոռներէն իջնելով՝ պահ մը սերտէին անցեալը…
Տարիներ առաջ, գալիքին ահեղ ոտնաձայնը լսելով՝ փորձեցի «Փտախտ» խորագիրը կրող ծաւալուն վէպով մը կաշառակերութեան ու կոռուպցիայի անցանկալի անդրադարձներու մասին զգուշացնել յղփացող, սուտ կոյր ձեւացնող հայրենի մեծամիտ ղեկավարութիւնը։
Յ.Գ. Հայրենի այն ընթերցասէր ղեկավարները, որոնք հետաքրքրուած են «Փտախտ» վէպով, կրնան դիմել ՀՀԳ միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանին։