
ՓԱՐԻԶ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 5ին, Փարիզի «Լավուազիէ» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴի 120ամեակը: Օրուան հանդիսավարներն էին Թալին Թաշճեան եւ Վազգէն Աւետիսեան:
Բացումը կատարեց «ՀՄԸՄ-Ֆրանս»ի փողերախումբը՝ «Յառաջ նահատակ»ով, որուն յաջորդեցին սկաուտներու կողմէ կատարուած խմբերգներ:
Հանդիսութեան խօսք փոխանցեցին Նարին Դարբինեան, Հերա Թոսունեան, Անդրանիկ Պահարեան, Եղիշէ Կորիզեան, յաջորդաբար՝ ՀՕՄի, Համազգայինի, ՀՄԸՄի եւ ՀՅԴի «Նոր սերունդ»ի անունով: Ապա «Նաւասարդ» պարախումբը հրամցուց հայկական պարերու փունջ մը:
Օրուան բանախօսներն էին Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան, որոնք վեր առին դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան եւ համապարփակ գործունէութեան հիմնական կէտերը՝ ընդգծելով ՀՅԴի համազգային դիմագիծը եւ զուտ ազգային նկարագիրը՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ սփիւռքեան իւրաքանչիւր անկիւն:
Աւարտին, աւելի քան 2 ժամ տեւողութեամբ ելոյթ ունեցաւ յեղափոխական երգերու հայրենի երգիչ Ներսիկ Իսպիրեան:
Նոյն օրը, երեկոյեան, Փարիզի հայաշատ արուարձան Ալֆորվիլի մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակցական 6 նորագիրներու երդման արարողութիւնը՝ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարգիս Մինասեան» կոմիտէին: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ընկերական խրախճանք՝ մասնակցութեամբ երգիչ Ներսիկ Իսպիրեանի: