ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Դեկտեմբեր 21ին տեղի ունեցած է Հայաստանի գերիներու, պատանդներու եւ անհետք կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովի նիստ՝ նոյն յանձնաժողովի նախագահ, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ:
Նիստին ընթացքին քննարկուած են 2010ին կատարուած աշխատանքները եւ 2011ի աշխատանքային ծրագիրը: Գերիներու, պատանդներու եւ անհետք կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովի անդամները փաստած են, թէ գերիները հայրենիք վերադարձնելու գործընթացը դանդաղ կ՛ընթանայ, որովհետեւ ատրպեճանական կողմը նոյնքան պատրաստակամութիւն եւ վճռականութիւն չի ցուցաբերեր:
Կարեւոր համարելով այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն արդիւնաւէտութեան բարձրացումը՝ յանձնաժողովի անդամները նշած են, թէ սպաննուած հովիւ Մանուէլ Սարիբէկեանի նկատմամբ ատրպեճանական կողմին կիրառած խոշտանգումները, ինչպէս նաեւ Արթուր Բադալեանի գերութիւնը մէկ ու կէս տարի ուշացումով հաստատելը կը վկայեն այն մասին, որ ատրպեճանական իշխանութիւնները կը սահմանափակեն Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի՝ Պաքուի գրասենեակին աշխատանքները: