ՊԷՅՐՈՒԹ.- Պէյրութի Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ իրենց դաշնակցականի երդումը տուին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն միացան 49 նորագիրներ՝ ՀՅԴ Լիբանանի տարբեր շրջաններու կոմիտէութիւններէն, ԶՈՄէն (Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն) եւ ԼԵՄէն (Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն)։
«Դաշնակցութեան 120ամեակ»ի սերունդին կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ այս առիթով նորագիրներուն ուղղած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Դաշնակցութեան շարքերուն միացող իւրաքանչիւր անձ պէտք է լաւապէս գիտակցի երդման պահուան կարեւորութեան, որովհետեւ անիկա երդում տուողին կեանքին մէջ որոշ փոփոխութիւններ կատարելու առաջադրանքին դէմ յանդիման կը դնէ զայն։ Հ. Մարգարեան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը սոսկ կուսակցութիւն մը չէ, այլ՝ հայրենիք ազատագրող, բաժան-բաժան եղած ժողովուրդը ազգի վերածող, արդարութիւն կերտող կուսակցութիւն է, ուստի, դիտել տուաւ ան, այս կուսակցութեան շարքերուն միանալ կը նշանակէ զինուորագրուիլ Դաշնակցութեան, ամբողջովին եւ անսակարկ կերպով տրամադրուիլ գործին, պատրաստ ըլլալ ամէն տեսակի զոհողութեան, այլ խօսքով՝ նուիրուածութեամբ կառչիլ անոր ուղեգիծին։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նորագիրներուն յայտնեց, որ այսուհետեւ իրենց գերխնդիրները պէտք է փոխուին, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը պէտք է ըլլան իրենց գերխնդիրները, որովհետեւ երդում տալու պահէն ետք նորագիրները պիտի ըլլան տարբեր անձեր, որոնց համար ազգն ու հայրենիքը ամէն բանէ վեր ու առաջնահերթ է։ «Այս պահէն ետք պէտք է ապրիլ իբրեւ դաշնակցական», հաստատեց Հ. Մարգարեան՝ աւելցնելով, որ դաշնակցական ըլլալ կը նշանակէ ծառայել համայն հայութեան, որովհետեւ այս կուսակցութիւնը հայ ժողովուրդին կուսակցութիւնն է։ Ապա 49 նորագիրները տուին իրենց երդումը։