ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի վերջին օրերու վարքը խորապէս ընդվզեցուցիչ էր: Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 252 բանաձեւը, որ ստացած էր Քոնկրեսի արտաքին յանձնաժողովի դրական յանձնարարականը, եւ որ ըստ Հայ Դատի յանձնախումբի հաշուարկներուն՝ եթէ Չորեքշաբթի օր քուէարկութեան դրուէր, կրնար ստանալ ներկայ քոնկրեսականներու մեծամասնութեան քուէն, Փելոսիի կարգադրութեամբ չդրուեցաւ օրակարգի վրայ:
Փելոսի, որ խոստացած էր բանաձեւը քուէարկութեան դնել, եթէ ապահոված ըլլար անոր հաստատումը, նախ ոչ մէկ նախաձեռնութիւն ցոյց տուաւ իր կողմէ յաւելեալ քուէներ ապահովելու դեմոկրատ քոնկրեսականներու՝ մինչ այդ չկողմնորոշուած շրջանակներէն, ապա վերջին օրերուն, կարծես, բոլորովին անհաղորդ կ՛ուզէր մնալ Հայ Դատի յանձնախումբի տքնաջան աշխատանքներուն շնորհիւ ձեռք բերուած յաւելեալ քուէներու հաշուեկշիռին ու յամառիլ բանաձեւը օրակարգի վրայ չդնելու իր որոշումին վրայ:
Փելոսիի այս վարքը չենք հասկնար ու որեւէ շահագրգռութիւն ալ չունինք զայն արդարացնելու: Մեզի համար նաեւ անհասկնալի է այն «բարձր դիւանագիտութիւնը», որ կը ցուցաբերուի «Հայկական Համախմբում»ի («Արմինիըն Էսսէմպլի») ղեկավարութեան կողմէ, որ անսովոր հասկացողութեամբ՝ երախտագիտական զեղումներով կը գնահատէ Փելոսիի ղեկավար դերակատարութիւնը՝ բանաձեւը քուէարկութեան հասցնելու (չհասցնելու՞՞՞) գործընթացին մէջ: Այս հասկացողութիւնը կրնայ թելադրել նաեւ, որ նշեալ այս կազմակերպութիւնը այնքան ալ սրտով չէր կառչած բանաձեւը քուէարկութեան բերելու գործին, չըսելու համար, որ քուլիսներու ետին, նոյնիսկ անոր ո՛չ նպատակայարմարութեան մասին կարծիքներ արտայայտած էր:
Փելոսին, որ անցեալին վայելած է հայ համայնքին ու Հայ Դատի յանձնախումբին լիաբուռն նեցուկը, հայկական ճակատէն հակասական գնահատականներ ստանալով՝ կրնա՞յ շահագրգռուած ըլլալ յառաջիկային աւելի յստակ, յանձնառու ու ներգործօն դիրք բռնելու հայկական հարցերուն ուղղութեամբ: Չեմ կարծեր: Ան այդ հակասական գնահատականը պիտի օգտագործէ հայկական համայնքին մէջ շփոթ ստեղծելու եւ որոշ շրջանակի մը նեցուկը պահպանելու համար:
Փելոսիին ու անոր նման գործողներուն այսպիսի հնարաւորութիւն պէտք չէ տրուի: Ամերիկահայութիւնը միահամուռ կերպով պէտք է իր դժգոհութիւնը փոխանցէ Փելոսիին ու ցոյց տայ նաեւ, շօշափելիօրէն, թէ այն որ նման վարքագիծ կը ցուցաբերէ, շատ բան կրնայ կորսնցնել: