ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հայերէն լեզուին քիչ-շատ ծանօթ մարդիկ գիտեն, որ ակնթարթը աչքերու կոպերը գոցել-բանալու գործողութեան համար կազմուած բարդ բառ է. ակն եւ թարթել բառերը, քով-քովի բերուած են այդ արագ գործողութիւնը նշանակելու համար, որ մէկ օրուան ընթացքին թերեւս հազարաւոր անգամ անգիտակցաբար կը կատարենք:
Խօսակցական լեզուին մէջ, ակնթարթ բառը նաեւ կը գործածուի կարճ միջոց ցոյց տալու համար, թերեւս ամէնէն կարճ երկվայրկեանի տեւողութիւնը նշելու, որու ընթացքին դէպք կամ այլ երեւոյթ պատահած է: Այսպէս, ինքնաշարժի արկածի ականատես եղած անձը կրնայ պատմել, թէ գլուխը հազիւ միւս կողմ դարձուցած, դէպքը պատահած էր, ու զօրաւոր թնդիւն լսելով դարձեալ նայած ձայնին կողմը, ուր արդէն արկածը տեղի ունեցած էր: Ուրեմն շատ կարճ միջոց կար գլուխը այս ու այն կողմ դարձնելուն միջեւ, եւ ահա այդ միջոցը ակնթարթ կը կոչուի, այսինքն՝ աչքը գոցել-բանալու չափ կարճ տեւողութիւն, որ ժամացուցային սլաքներով դժուար թէ որոշուի:
Ակնթարթներու մէջ ինչե՜ր կը պատահին: Միայն արկածներ կամ անակնկալ դէպքեր տեղ չեն գրաւեր անոնց մէջ, այլ նաեւ մեծ փոփոխութիւններ, որոնք կը կարծէինք թէ երկար տարիներ պէտք ունէին: Այսպէս, պետութիւններ յանկարծ այնպիսի որոշում կը կայացնեն, որուն նախապատրաստութեան համար տարիներ պէտք պիտի ըլլային, սակայն մէկ գիշերուան, այսինքն՝ ակնթարթի մէջ անոնք կը յանգին անսպասելի եզրակացութիւններու:
Ակնթարթի մէջ մահաքունի անցած մարդոց փորձառութիւններուն մասին գրութիւններ կան, որոնք ցոյց կու տան թէ ինչքա՜ն երկար տեւած է այդ կարճագոյն պահը: Մարդիկ պատմած են իրենց փորձառութիւնը, ոմանք ըսելով թէ այնպէս զգացած են, որ աներեւոյթ ոյժեր զիրենք փոխադրած են այլ՝ լուսեղէն աշխարհ, ուր երազային հուրիներու թեւերով շրջագայած են, ցարդ չտեսնուած էակներ, ու բնութեան չքնաղ տեսարաններ դիտելով:
Եւ այդ ամէնը՝ ակնթարթի մէջ…:
Ակնթարթային մահաքունի ժամանակը կարելի չէ՛ չափել մարդաստեղծ ժամացոյցերով: Ամէն մէկ «թիք»ին կամ «թաք»ին միջեւ պահուըտած պահն է անիկա, որուն ոգեղէն անտեսանելի սլաքին շարժումը կարելի չէ՛ նկատել մարդկային մսեղէն աչքերով: Այո՛, կարելի չէ՛ նաեւ չափել կրօններու փորձառութեամբ ապրուած տեսիլքներու կամ յափշտակութեանց ակնթարթային պահերուն տեւողութիւնը, որովհետեւ անոնց առնչութեամբ հետագային գրուած ու մեկնաբանուած նիւթերը, Աստուածաշունչի տարողութեամբ հսկայ հատորներու բովանդակութիւնը կրնան կազմել: Այսպէս, ո՞վ կրնայ ստուգիւ ըսել, թէ Աստուածաշնչական նահապետներէն Յակոբի տեսած երազը (Հմմտ Ծն 28.12-15), որուն մէջ երկրէն մինչեւ երկինք բարձրացող սանդուխ կար, եւ որուն վրայէն Աստուծոյ հրեշտակները կ՛ելլէին ու կ՛իջնէին, քանի՞ վայրկեան տեւեց: Թերեւս ակնթարթի չափ ժամանակ խլած էր անիկա իրմէ, գիշերուան քունի ընթացքին:
Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ մեր ապրած ժամանակներուն, իրենց աստուածավախ կեանքին ու սրբակրօն վարքին բերումով տեսիլք ունեցող մարդոց տրուած յայտնութիւններուն համար: Թերեւս անոնք շատ կարճ՝ ակնթարթի մէջ յայտնուած տեսիլքներ են, սակայն պատմողներ այնքա՜ն երկարաշունչ կը ներկայացնեն զանոնք, որ ունկնդրողներուն կը թուի թէ օրերո՜վ ու ամիսներո՜վ տեւած երազներ են անոնք: Մարդոց տեսած սովորական երազներն ալ նոյնքան կարճ ու ամփոփ կ՛ըլլան, եւ ո՛չ թէ երկար: Իսկ եթէ հաճելի երազ է տեսնուածը, մարդիկ միշտ կ՛ուզեն որ երկարաձգուի անոր տեւողութիւնը, եւ երբ արթննան՝ ցաւ կը զգան որ այդքան կարճ տեւած էր իրենց այդ «երանութիւն»ը:
Հոգեբանութեան ակնոցով դիտած, ցաւ պատճառող ակնթարթներուն եւ ուրախութիւն պատճառող ակնթարթներուն միջեւ փոքր տարբերութիւն կը նշմարուի: Բնականաբար ուրախութիւն պատճառող ակնթարթները աւելի կարճ պիտի թուին մեզի, քան՝ ցաւ պատճառողները: Ցաւ պատճառող ակնթարթները երբեմն դրածոյ կ՛ըլլան, այսինքն մարդիկ կը պատրաստեն զանոնք մեզի համար: Այսպիսի թշուառական էակներ չեն պակսած, ու միշտ կ՛աւելնան պատմութեան էջերուն դժբախտաբար: Անոնք ոջիլներու նման շատ են եւ առատօրէն կը ցկնեն, իրենց անիծները տարածելով երբեմն մաքրամաքուր մազերու ծփանքին մէջ:
Բայց կայ, ցա՛ւ թէ ուրախութիւն պատճառող ակնթարթներու տեւողութենէն շատ աւելի կարճ տեւողութիւն ունեցող ակնթարթ, որուն ստուե՛րը երբեմն միայն կը տեսնենք, առանց կարենալ զինք վայելելու.
Կեա՛նքն է ամէնէն կարճ ակնթարթը:
Ակնթարթ, որ երբեմն քաղցր երազ կը թուի, մանաւանդ երբ անակնկալ հիւր ունենանք մահը: Շատե՜ր մահուան դիմաց կանգնած, վերջին հրաժեշտ տալով իրենց սիրելիներէն մէկուն, անդրադարձած են որ իրենց անցուցած ամբողջ կեանքը, ներկայիս անշնչացած անձին հետ, ո՛չ միայն կարճատեւ երազ եղած էր, այլ աւելին՝ ակնթարթ պարզապէս: Ինչքա՜ն յուշեր, ապրումներ, փոխանակուած զգացումներ թէ պատկերուած հեռանկարներ, դարձեալ ակնթարթի մէջ կը տողանցեն իրենց աչքերուն առջեւ խումբ առ խումբ, երբեմն առանձին-առանձին:
Հարստութեան արժէքը, զայն կորսնցնելէ ետք զգացած են աշխարհի հարուստներէն շատեր, ափսոսալով որ առատօրէն դրամ շահած միջոցին չէին մտածած «անձրեւոտ օրեր»ու համար ապահովութիւն ձեռք առնելու մասին: Նոյնն է հիւանդ մարդու պարագան, որ կ՛ափսոսայ՝ առողջութեան միջոցին որոշ ծրագիրներ իրագործած չըլլալուն, կամ ընդհանրապէս իր առողջութեան հոգ չտանելուն համար:
Ամէնէն կարճ այս ակնթարթը՝ կեանքը, ամէնէն մեծ հարստութիւնն է մարդուն, որուն հետ երբեմն այնքան անփութութեամբ կը վարուի ան: Սակայն այդ կարճագոյն ակնթարթին տեւողութիւնը աւելի ու աւելի խտացնող ազդակ գոյութիւն ունի, որ ատելութիւնն է: Կարճագոյն ակնթարթը՝ կեանքը թունաւորող դառնագոյն այս «հեղուկ»ը, հնարաւորութիւն ունի մինչեւ ծուծը թափանցելու, ուր ցանելով իր սերմերը կը թունաւորէ ամբողջ մարմինը եւ կորուստի կը մատնէ զայն:
Նոյն այս վատ ունակութեամբ վառուած մարդոց միշտ միեւնոյն խրատը կը տրուի.
_ Ակնթարթ մըն է կեանքը. շուտո՛վ կ՛անցնի. գիտցի՛ր յարգը անոր, որպէսզի քաղցր երազ դառնայ քեզի համար յաւիտենութեան մէջ, ու լաւ յիշատակ՝ շրջապատիդ, երբ բաժնուիս նիւթեղէն այս աշխարհէն:
Հակառակ այս խորիմաստ խրատին, սակայն, դարձեա՛լ կը գտնուին մարդիկ, որոնք կը խորհին՝ թէ բնա՛ւ պիտի չթարթեն իրենց աչքերը, այսինքն՝ յաւիտեան պիտի ապրին այս աշխարհի վրայ: Սակայն, այնպէս ինչպէս չկայ մարդ, որ ապրի առանց թարթելու իր աչքերը, նոյնպէս ալ՝ չկայ մարդ, որ վերջը չտեսնէ ամէնէն կարճ ակնթարթին՝ կեանքին: Սէրը կը յաղթանակէ՛ կեանքին, որովհետեւ անվախճան է: