ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Տարիներու ընթացքին, հայերը Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրէն իրենց ուշադրութիւնը աստիճանաբար սեւեռեցին դէպի 1915-1923 թուականներուն իրենց կրած մեծ կորուստներու իրաւական հետապնդումը:
Վերջերս Միացեալ Նահանգներու դաշնային դատարաններուն մէջ շարք մը դատական հայցեր ներկայացուեցան՝ արեւմտեան ապահովագրական ընկերութիւններու եւ դրամատուներու դէմ: Իսկ Յուլիսին, ամերիկահայ փաստաբաններ դատական գործ յարուցեցին Թուրքիոյ հանրապետութեան ու անոր երկու մեծ դրամատուներուն դէմ՝ փոխհատուցում պահանջելով բռնագրաւուած սեփականութեան եւ եկամուտի կորուստներուն համար:
Անցեալ շաբաթ փաստաբաններ Վարդգէս Եղիայեան, Քեթրըն Լի Պոյտ եւ Տէյվիտ Շուարց, միջազգային իրաւունքի փորձագէտ Մայքըլ Պեզայլըրի հետ միասին, դաշնային նոր դատ մը բացին Թուրքիոյ հանրապետութեան, Կեդրոնական դրամատան եւ «Զիրաաթ» դրամատան դէմ՝ «ապօրինի բռնագրաւման եւ անարդար հարստացման» յանցանքով: Հայցուորներն են՝ Լոս Անճելըսի բնակիչներ Ռիթա Մահտեսեան եւ Անայիս Յարութիւնեան, իսկ Ուաշինկթընէն՝ Ալեքս Պաքալեան:
Երեք ամերիկահայերը, որոնք Ցեղասպանութեան ժամանակ իրենց ընտանիքներէն թալանուած սեփականութեան իրաւունքը հաստատող փաստաթուղթեր ունին, փոխհատուցում կը պահանջեն 50 հեքթար (կէս միլիոն քառ. մեթր) տարածքի համար, որ կը գտնուի Ատանայի շրջանը: Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող «Ինճիրլիկ» ամերիկեան ռազմակայանին մէկ մասը տեղակայուած է անոնց սեփականութիւնը հանդիսացող հողատարածքներուն վրայ:
Ցեղասպանութեան ժամանակ, թրքական կառավարութիւնը նախապէս կալանաւորած էր հայ զոհերուն պատկանող ամբողջ գոյքը: Հետագային, անիկա յանձնարարած էր «Զիրաաթ» դրամատան, որ բռնագրաւուած ունեցուածքներու վաճառքէն գոյացած հասոյթը պահ դնէ հայ տէրերուն անունով: Այնուհետեւ, հայ սեփականատէրերուն ունեցուածքը փոխանցուեցաւ թրքական գանձարան եւ յանձնուեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարման: Դատական յիշեալ հայցով կը մեղադրուին Թուրքիոյ հանրապետութիւնը, Կեդրոնական դրամատունը եւ «Զիրաաթ» դրամատունը՝ հայ հայցուորներուն բռնագրաւուած ունեցուածքէն անարդար օգուտ ստանալու համար:
Ներկայիս երեք թուրք մեղադրեալներն ալ առեւտրական գործունէութիւն կը ծաւալեն Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչ որ իրաւասութիւն կը շնորհէ ամերիկեան դատարաններուն սոյն հայցին մէջ: Թուրքիոյ հանրապետութիւնը գործառնութիւններ կ՛իրականացնէ պետական սեփականութիւն հանդիսացող կամ վերահսկուող շարք մը ձեռնարկութիւններու-ընկերութիւններու մօտ, ինչպիսին են՝ Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը (Turkish Airlines) եւ Զբօսաշրջութեան տեղեկատուական գրասենեակը: Նաեւ, ինչպէս թրքական Կեդրոնական դրամատունը, նոյնպէս «Զիրաաթ» դրամատունը գրասենեակներ ունի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Հայ հայցուորներու սեփականութեան վրայ ձեռք դնելէ բացի, թրքական կառավարութիւնը իւրացուցած է նաեւ վերջին 60 տարիներուն «Ինճիրլիկ» ռազմակայանին համար Միացեալ Նահանգներուն վարձավճարները: Ռազմակայանը կ՛օգտագործուի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան կառոյցին՝ Ռազմական եւ օդային ուժերու փոխանակման ծառայութեան կողմէ: Շարք մը ամերիկեան մեծ ընկերութիւններ, ինչպէս «Baskin Robbins», «Taco Bell», «Pizza Hut», «Starbucks» եւ «AT&T», գործարքներ կնքած են եւ ծառայութիւններ կը մատուցեն ռազմակայանին մէջ գտնուող ամերիկեան զինուորներուն: Այս ընկերութիւնները նոյնպէս, տարիներ շարունակ շահոյթ ստացած են հայերու սեփականութիւնը հանդիսացող հողատարածքներէն:
Դատական հայցին մէջ նշուած է, թէ հայցուորները «վնաս կրած են իրենց սեփականութիւնը օգտագործելու իրաւունքի եւ եկամուտներու կորուստէն»: Ըստ հայցին, Թուրքիոյ եւ անոր Կեդրոնական դրամատան կողմէ «սեփականութեան շարունակուող ապօրինի օգտագործումը անմիջական ազդեցութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու վրայ, որովհետեւ ամերիկեան առեւտրական կառոյցը գումար կը վճարէ Թուրքիոյ»՝ «Ինճիրլիկ» ռազմակայանի վարձակալութեան համար, եւ «երկարաժամկէտ գործարկ կը վարէ մեղադրեալներուն հետ…»:
Հայցին մէջ նաեւ նշուած է, թէ «Հայցուորներու քայլը հիմնուած է նաեւ անոնց սեփականութեան իրաւունքին վրայ, որ ապօրինաբար բռնագրաւուած է մեղադրուող Թուրքիոյ կողմէ միջազգային իրաւունքի խախտումով՝ Ցեղասպանութեան թրքական արշաւին հետեւանքով… Միջազգային իրաւունքը կ՛արգիլէ տիրանալ սեփականութեան մը, երբ այդ մէկը կը կատարուի խտրականութեան դրսեւորման ճանապարհով կամ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումով: Հայցուորներուն ունեցուածքը խլուած է Օսմանեան թրքական կայսրութեան կողմէ Ցեղասպանութեան արշաւին հետեւանքով՝ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ հայերը ամբողջովին կամ մասամբ ոչնչացնելու համար»:
Հայցուորները կը յայտարարեն, թէ Ցեղասպանութենէն ետք, թրքական կառավարութիւնը հայերու սեփական «հիմնարկները, գործարանները, խանութները, կալուածները եւ տնտեսական այլ ձեռնարկութիւններ փոխանցած է Թուրքիոյ մահմետական սեփականութեան»: Այդուհանդերձ, ամենացնցիչ մեղադրանքը այն է, որ թրքական իշխանութիւնները «հայերու ունեցուածքին վաճառքէն գոյացած միջոցները օգտագործած են զանոնք արտաքսելու ֆինանսաւորման համար»: Պէտք է նշել, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին, հայերը կեանքէ ու գոյքէ զրկելէն բացի, թրքական իշխանութիւնները վերապրածներուն խստօրէն արգիլած են ետ պահանջել իրենց սեփականութիւնը՝ անոնց անձնագիրներուն մէջ կնքելով՝ «Վերադարձը արգելուած է»:
Ամերիկահայ հայցուորները իրենց ընտանիքներէն բռնագրաւուած կալուածը՝ ընթացիկ արժէքով գնահատած են 63.9 միլիոն տոլար, որովհետեւ, ըստ ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն, անոնց կալուածը կը կազմէ «Ինճիրլիկ» ռազմակայանի 1.7 միլիառ տոլար արժէքին 3.7 տոկոսը: Հայցուորները կը պահանջեն իրենց սեփականութեան շուկայական ընթացիկ արժէքը, ինչպէս նաեւ վերջին 60 տարիներուն ընթացքին կուտակուած վարձավճարները, որոնք հաւանաբար կը կազմեն հարիւրաւոր միլիոն տոլարներ: Այս հայցին մէջ ընդգրկուած չէ «Ինճիրլիկ»ի մէջ այլ հայկական կալուածներու արժէքը, ինչպէս՝ եկեղեցիին ու դպրոցին:
Յառաջիկայ ամիսներուն, դատական շարք մը հայցեր կը սպասուին Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն մէջ, Թուրքիոյ կառավարութեան եւ թրքական այլ կառոյցներու դէմ, ինչպէս օրինակ՝ պահանջք-հայց՝ Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահական պալատին նկատմամբ, որ կը գտնուի Քասապեաններու ընտանիքին պատկանող հողատարածքին վրայ:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր