ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Քրիստոնէական եկեղեցւոյ Նախավկայ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական յատուկ արարողութիւն՝ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
Արդարեւ, Սարկաւագաց տօնին առիթով, հանդիսաւոր ժամերգութիւնը եւ նախատօնակը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23ի երեկոյեան ժամը 4ին: Նախատօնակի ընթացքին, դպրեվանքի սարկաւագաց դասը քահանայական սաղաւարտներով խնկարկութիւն կատարեց Աստուծոյ Ս. խորանին:
Ս. Ստեփանոսի տօնը ըլլալով սարկաւագաց յատուկ տօն՝ դպրեվանքի սարկաւագաց դասը պատրաստած էր դասախօսական յատուկ յայտագիր, որ տեղի ունեցաւ Նախատօնակէն անմիջապէս ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան միաբան հայրեր, ուսուցիչներ եւ հաւատացեալներ։
Սարկաւագները իրենց ներկայացուցած ձեռնարկով վեր առին սարկաւագութեան իմաստն ու ծառայական ոգին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ընթերցումներ կատարուեցան Նոր կտակարանէն եւ Նարեկ աղօթամատեանէն: Յանուն Դպրեվանքի սարկաւագաց ու կիսասարկաւագաց դասին, ուղերձ կարդաց Մուրատ սրկ. Չորպաճեան: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց խոնարհագոյն աստիճանին՝ սարկաւագութեան յանձնառութիւնը՝ ապագային ամբողջական նուիրումով ծառայելու եկեղեցւոյ ու ազգին:
Գեղարուեստական յայտագիրով Դպրեվանքի երգչախումբը կատարեց Շ. Պէրպէրեանի դաշնաւորած «Քրիստոս Պատարագեալ»ը, «Խաչը» եւ «Եթէ զիս տանիս» հոգեւոր երգերը:
Ձեռնարկի աւարտին, հայրապետը իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն ու յատկապէս դպրեվանքի ուսանողութեան՝ հայ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կարգերը ներկայացնելով իբրեւ միջոց՝ Աստուծոյ ու ազգին ծառայութեան:
Հանդիսութենէն ետք, մայրավանքի սեղանատան մէջ տրուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն սպասարկեցին դպրեվանքի սարկաւագները՝ ծառայութեան գործնական օրինակը տալով։