ՄԵՐՁՏՆԵՍԹՐ, «Նիուզ».- Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութեան, ձերբակալուած եւ բանտարկուած լրագրող Էռնեսթ Վարդանեան Դեկտեմբեր 17ին, ներումի խնդրանքով դիմած է Մերձտնեսթրի նախագահ Իկոր Սմիրնովի:
«Յարգելի Իկոր Նիքոլաեւիչ, կը խնդրեմ հաւատալ իմ անկեղծ զղջումին եւ ներում շնորհել՝ հնարաւորութիւն տալով ինծի վերադառնալ բնականոն կեանքի, յանուն իմ ընտանիքի եւ Մերձտնեսթրի ժողովուրդի բարօրութեան», ըսուած է խնդրագիրին մէջ։
Վարդանեան իր ձեռագիր նամակով ամբողջովին ընդունած է մեղքը եւ խոստացած ջանք գործադրել՝ պատճառած վնասը փոխհատուցելու համար: Ան նաեւ գրած է, որ աշխուժօրէն համագործակցած է քննչական մարմիններու հետ:
Մերձտնեսթրի Մոլտովական հանրապետութեան գերագոյն դատարանը, Դեկտեմբեր 16ին, Վարդանեանը մեղաւոր ճանչցած էր՝ պետական դաւաճանութեան յանցանքով, եւ զայն դատապարտած 15 տարուան ազատազրկման: