
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ խորհրդարանի (Տումա) ԱՊՀի եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին, հարցազրոյցի մը ընթացքին Հարաւային Կովկասի ամէնէն տագնապալի հարցը նկատած է ղարաբաղեան հակամարտութիւնը։
«Լարուածութեան կտրուկ աճը, զինադադարի ամէնօրեայ խախտումները ղարաբաղեան հակամարտութիւնը դարձուցած են գլխաւոր հարցը: Ատոր նախաձեռնողը Ատրպէյճանն էր։ Այդ մասին կը վկայեն բազմաթիւ փաստեր, որոնց շարքին՝ «Ուիքիլիքս»ի հրապարակած փաստաթուղթերը։ Ատրպէյճանի հակամարտութեան կարգաւորման ակնկալիքները չիրականացան: Ատրպէյճան ալիք բարձրացուց, սակայն անկէ ետք յայտնուեցաւ փակուղիի մը առջեւ։ Իրավիճակի հետագայ մագլցումը կրնայ յանգեցնել ռազմական գործողութիւններու, եւ ապացուցուած չէ, թէ ատոնք պիտի ըլլան ի շահ Ատրպէյճանի։ Միայն հետեւանքները պիտի ըլլան անխուսափելի։ Ատրպէյճանի դիւանագիտական ճնշումի եւ ռազմաշունչ հռետորութեան ու քարոզչութեան, ռազմական սադրանքներու եւ սպառնալիքներու մարտավարութիւնը այժմ ճգնաժամ կ՛ապրի։ 2011ը ցոյց պիտի տայ, թէ Ալիեւ որքանո՛վ պիտի կարենայ ատոր դիմանալ», կ՛ըսէ Զաթուլին։
Խօսելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին՝ Զաթուլին կը յայտնէ, թէ այդ յարաբերութեան կարգաւորման գործընթացի տապալման մեղաւորը Պաքուն է։ Ան կը նշէ, թէ «Հայաստանի հետ սահմանի բացումը Թուրքիոյ մէջ կը դիտարկուէր իբրեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման այլընտրանք, Եւրոպայի աչքին նոր կերպարանք ստանալու հնարաւորութիւն ու Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ճանապարհի խնդիրներէն մէկուն լուծում, սակայն ատրպեճանական շանթաժն ու ճնշումը իրենց գործը կատարեցին»։
Զաթուլին, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման՝ կ՛աւելցնէ. «Ես վստահ եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է ստանայ անկախութեան իրաւունք։ Միեւնոյն ժամանակ, պէտք է շրջանները վերադարձուին Ատրպէյճանին։ Այս երկու հիմնարար խնդիրները պէտք է լուծել։ Ատկէ ետք պիտի ծագին այլ խնդիրներ, խաղաղարար գործողութիւն, խաղաղարար ուժերու կազմը, փախստականներու վերադարձ, փոխհատուցումներ, սակայն անոնք հարցեր են, որոնք ստորադասուած են հիմնարար խնդիրներուն դիմաց։ Միակ ելքը խաղաղութիւնն է հողերու դիմաց։ Միւս բոլոր փորձերը՝ որո՛ւն կողմէն ալ ըլլան, գաղափարապէս սխալ են եւ անհեռանկարային»։
Ան նաեւ կը զգուշացնէ. «Ամենակարեւորը՝ պատերազմ չ՛ըլլայ։ Ես շատ մտահոգ եմ գարնան եւ ամրան ամիսներու ընթացքին նման հաւանականութեամբ, սակայն յոյս ունիմ, որ Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններ չեն ըլլար»։