
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- ԼՂՀ Ազգային ժողովի Դաշնակցական անդամները Դեկտեմբեր 29ին հրաւիրած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին տեղեկացուցած են, թէ Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն այցելած են աւելի քան 5 տասնեակ բնակավայրեր, ծանօթացած բնակչութիւնը յուզող հարցերուն, առաջարկներուն, ինչպէս նաեւ զեկուցած են ԱԺի մէջ իրենց գործունէութեան մասին եւ պարզաբանումներ փոխանցած մինչ այդ ընդունուած օրէնքներուն վերաբերեալ։
Խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեանի խօսքերով, նախընտրական քարոզչութեան ժամանակ բնակչութեան կողմէ բարձրացած առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը եղած է այն, որ պատգամաւորները ընտրուելէ ետք կը կորսնցնեն իրենց կապը ժողովուրդին հետ: Այդ կապը պահպանելու նպատակով, պատգամաւորները որոշած են պարբերաբար հանդիպումներ ունենալ ընտրողներու հետ:
Ասուլիսի ընթացքին լրագրողները ՀՅԴ պատգամաւորներուն ներկայացուցած են վերաբնակեցման հետ կապուած հարցեր, քանի որ նշեալ պատգամաւորները իրենց գործունէութեան ժամանակ յաճախ կ՛անդրադառնան այդ հարցին: «Ինչպէ՞ս է խմբակցութիւնը գնահատում վերաբնակեցման ներկայիս գործընթացը» հարցումին ի պատասխան՝ Արմէն Սարգսեան ըսած է, թէ վերջին տարիներուն նկատելի է այդ ուղղութեամբ գումարներու աւելացումը եւ ծրագիրներու իրականացումը։
Վերաբնակեցուող շրջաններուն մէջ վերանորոգուած են բազմաթիւ տուներ, ելեկտրականութեամբ ապահովուած են շարք մը գիւղեր, վերանորոգուած են ճանապարհներ եւ այլն, սակայն խմբակցութեան դիրքորոշումը կը մնայ նոյնը՝ պէտք է ռազմավարական հեռահար ծրագիր մշակել այդ ուղղութեամբ:
Խմբակցութեան անդամ Վահրամ Բալայեանի կարծիքով, վերաբնակեցումը պէտք է ողջ հայութեան հարցը դառնայ, քանի որ անիկա կենսական նշանակութիւն ունի իւրաքանչիւր հայու համար: Ըստ Վահրամ Բալայեանի, այդ շրջանները պէտք է իւրացուին քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ առումներով՝ բնական պետութիւն ձեւաւորելու համար։ Ան նաեւ յայտնած է, թէ պէտք է հրաժարինք ազատագրուած տարածքներ հասկացութենէն եւ առաջնորդուինք շրջաններու համաչափ զարգացման գաղափարով: