ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի մէջ իը մահկանացուն կնքած է յայտնի բնագէտ, Հանրային խորհուրդի պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի անդամ, Հիմնարար գիտութիւններու հայկական կեդրոնի տնօրէն Սիմոն Կամսարական:
Նշենք, որ 2009ի աշնան, Սիմոն Կամսարական նամակով մը դիմած էր Գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանին՝ առաջարկելով քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Կամսարական նշած էր. «Այլկերպ ինչպէ՞ս կարելի է կոչել նախարարի գործողութիւնները, եթէ ոչ յանցագործութիւն, ով չարաշահում է իր պաշտօնէական լիազօրութիւնները, եւ Հայաստանի ու Թուրքիայի միջեւ կնքուած բաց պայմանագիրը կոչում ընդամէնը արձանագրութիւն»:
Կամսարական յանցագործութիւն կը համարէր նաեւ այն, որ Նալբանդեան յայտարարած էր, թէ այդ արձանագրութիւններուն մէջ խօսք չկայ Կարսի պայմանագիրին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին. «Եթէ այդ մասին բաց թեքսթով չի գրուել, դա դեռ չի նշանակում, որ դա չկայ: Փաստաթղթի դրոյթները յստակօրէն հաստատում են այն, ինչի մասին գրուած է Կարսի պայմանագրում», հաստատած էր բնագէտը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.