ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի տեղեկութիւններով, անցած երկու տարիներուն ընթացքին նախարարութեան կողմէ իրականացած ու իրականացուելիք ծրագիրները կը հետապնդէին ու կը հետապնդեն մէկ նպատակ՝ հայրենիք համարուող տանիքին տակ համախմբել աշխարհի մէջ սփռ-ուած հայերը:
«Հայկական Սփիւռքում ապրում է շուրջ 7 միլիոն հայ: Նրանց որոշ մասը Հայաստանի անկախութեան վերականգնումից յետոյ հաստատուեց հայրենիքում: 2006-2009ին մեր երկրում կացութեան յատուկ եւ մշտական կարգավիճակ է ստացել շուրջ 3000 սփիւռքահայ, 2005-2009ին անշարժ գոյք գնել է շուրջ 15,000 սփիւռքահայ, եւ վերջին 2 տարուայ ընթացքում Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիութիւն է ընդունել շուրջ 6000 սփիւռքահայ», յայտնած է նախարար Հ. Յակոբեան:
Նախարարին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, նկատի ունենալով, որ ազգին մօտ երկու երրորդը կ՛ապրի երկրէն դուրս, կարգաւորուած չեն բազմաթիւ իրաւա-յարաբերութիւններ, որուն համար ալ, ըստ նախարարին, կը նկատուի հայրենադարձութեան անհրաժեշտութիւն, որ կը կազմակերպուի երկու եղանակով՝ անհատական կամաւոր եւ պետական յատուկ ծրագիրներով:
Նախարարութիւնը իր գոյութեան երկու տարիներուն ընթացքին իրականացուցած է ինը համահայկական համաժողով եւ կեանքի կոչած է «Արի տուն» ծրագիրը։
2011 տարին, հանրապետութեան նախագահին յանձնարարականով յայտարարուած է Սփիւռքի Միջազգայնացման Տարի:
«Մենք պէտք է Սփիւռքի աւելի խոշոր կենտրոնների հետ աւելի աքթիւ աշխատենք: Դա Վենետիկի Սուրբ Ղազարն է», ըսած է սփիւռքի նախարարը եւ աւելցուցած, թէ 2011ը հետաքրքրական տարի պիտի ըլլայ ո՛չ միայն Սփիւռքին համար, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար. «Տօնելու ենք մեր երկու անկախ հանրապետութեանց՝ Հայաստանի հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան 20 ամեակները: Սփիւռքի նախարարութիւնը լրջօրէն է պատրաստւում դրան», յայտնած է Հրանոյշ Յակոբեան՝ աւելցնելով, որ 2011ին պիտի նշուի նաեւ Անիի 1050 ամեակը. անոր կարծիքով, ամենակարեւորը այն է, որ 2011ը յայտարարուած է Երիտասարդական Տարի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.