«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իր ղեկավարած կուսակցութեան խմ-բակցութեան ժողովին ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութեանց խնդիրին։
Ան նշած է, թէ Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին հրէական համայնքին նկատմամբ այնպիսի հետաքրքրութիւն չէ ցուցաբերուած, ինչպէս Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան օրօք։
«Թուրքիոյ մէջ Հայոց պատրիարքարան այցելելու աւանդոյթը մենք հաստատած ենք։ Ահա, երէկ ալ Թուրքիոյ փոխվարչապետը այցելեց Յունաց պատրիարքարան՝ սկիզբ դնելով մէկ յաւելեալ աւանդոյթի։ Նման հասկացողութիւն մեր մօտ կայ, իսկ ընդդիմութեան մօտ՝ ոչ։ Անոնք կը շարժին միայն քուէ ստանալու հաշուարկով», շեշտած է Էրտողան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.