Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուհամմատ Ալի Շահին, Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին քուէյթեան «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած է, թէ իր երկիրը արաբական աշխարհի հետ յարաբերութիւններու զարգացման հարցին մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ, աւելցնելով, որ թուրք-արաբական համախոհութիւնը թեկնածու է յաւելեալ վերելք արձանագրելու: Ալի Շահին նշած է, որ այդ վերելքին համար ճամբան հարթուած է, եւ անոր դիմաց չկան առարկայական արգելքներ։
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը նաեւ յայտնած է, թէ արաբական եւ իսլամական աշխարհին հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը Թուրքիոյ այժմու քաղաքականութեան հիմնական սիւներէն մէկն է։
Շահին աւելցուցած է, որ իր երկիրը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Արաբական Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն հետ յարաբերութեանց զարգացման՝ նշելով, որ Թուրքիան եւ Ծոցի երկիրները քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, ապահովական եւ ռազմական ծիրերուն մէջ ռազմավարական յարաբերութեանց հասնելու մեծ կարելիութիւններ ունին։
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը յայտարարած է նաեւ. «Մենք Թուրքիոյ մէջ կը հաւատանք, թէ շրջանի բոլոր երկիրներուն հետ կապ հաստատելու միջոցներ ունինք, եւ կրնանք այդ ճամբով ազդու դերակատարութիւն ունենալ լարուածութեան կէտեր եւ երկար ատենէ ի վեր քաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական տագնապներու վտանգ դիմագրաւող մեր շրջանէն ներս՝ ապահովութեան եւ կայունութեան հաստատման գործին մէջ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.