ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան մէկ կէտին վրայ տեղի ունեցած է զինեալ բախում մը. 19ամեայ Նիյազ Իսրաֆիլով, որ զինուորական ծառայութեան զօրակոչուած էր մէկ տարի առաջ, իր ձեռքի ինքնաձիգով սպաննած է իր ծառայակից 19ամեայ Իտրիս Իսմայիլովը:
Միջադէպը տեղի ունեցած է զէնքի հետ անզգոյշ վարուելու պատճառով: Դէպքին առիթով յարուցուած է քրէական գործ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.