ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան, կազմակերպութեամբ «Ծաղիկ» գրական-մշակութային շաբաթաթերթին, Հինգշաբթի, Յունուար 6ին, երեկոյեան ժամը 8։30ին, «Եունեսքօ»ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի երգչուհի Գոհար Յովհաննիսեանի ելոյթը՝ ներկայութեամբ մեծաթիւ արուեստասէրներու։
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի խմբագիր Ասպետ Ռուբինեան, որ նշեց, թէ Յովհաննիսեան կը վայելէ հովանին վաստակաւոր ժողովրդական երգիչ Ռուբէն Մաթեւոսեանին, որուն աշակերտելով՝ ան փայլուն յաջողութեամբ աւարտած է Երեւանի ճազային-էսթրատային քոլեճի ժողովրդական բաժինը։ Ռուբինեան աւելցուց, որ Գոհար Յովհաննիսեան տարբեր առիթներով համերգներ տուած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի գրեթէ բոլոր զօրամասերուն մէջ, եւ «Զոհուածի մայր» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ արժանացած է ոսկէ մետալի։
Ասպետ Ռուբինեան նշեց, որ Յովհաննիսեան ունի մէկ ձայնասկաւառակ, որուն խորագիրն է «Արշալոյս», իսկ 2009ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած «Կոլտըն Սթար» փառատօնին, ան ստացած է Հայաստանի «Տարուան լաւագոյն ժողովրդական երգչուհի» մրցանակը։ Ռուբինեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Իւրայատուկ ձայն՝ թախծածորուն թրթռացումներով, որոնք կ՛իջնեն երկինքէն ալիք առ ալիք, աղօթքի պէս, զուսպ, յետոյ պայծառ լաւատեսութեամբ մը յորդուն՝ ամբողջ տարածութիւնը առնելով իրենց նուաճման տակ»։
Յայտագիրը սկսաւ լիբանանահայ ասմունքող Անի Եփրեմեանի կողմէ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեան ներկայացումով, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Գոհար Յովհաննիսեան։ Նշենք, որ յայտագիրի ընթացքին Եփրեմեան նաեւ ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Հայու հոգին» եւ Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը»։
Իր նուագախումբին ընկերակցութեամբ, Յովհաննիսեան երգեց Գուսան Աշոտի, Գուսան Շերամի, Սայաթ Նովայի, Գուսան Հայկազունի, Միքայէլ Ոսկանեանի, Գուսան Շահէնի, Կոմիտասի, Աշուղ Գէորգի ստեղծագործութիւններէն, ինչպէս նաեւ հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգեր։ Յատուկ գնահատանքի արժանացան «Սարի սիրուն եար»ը, «Թամամ աշխարհ»ը, «Բլբուլի հիդ»ը, «Տըլէ Եաման»ը, «Կոտորածն անգութ»ը, «Հայեր, միացէ՛ք»ը, «Գետաշէն»ը եւ այլ երգեր։
Գոհար Յովհաննիսեան իր գեղեցիկ ձայնով, երկու բաժիններով հանրութեան ներկայացուց որակաւոր երգեր, որոնք հայկական երգարուեստի պահպանման հիմքերը կը ներկայացնէին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.