ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄի կեդրոնական վարչութեան, Յունուար 6էն 9 տեղի ունեցաւ ԼԵՄի ձմեռնային բանակումը՝ ՀՅԴ Զահլէի ակումբին մէջ։
Դաստիարակչական բնոյթ ունեցող այս բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 60 ԼԵՄականներ։ Անոնք բաժնուեցան 2 խումբերու, որոնք կը կրէին Արցախի մէջ զոհուած լիբանանահայ ազատամարտիկներ Վիգէն Զաքարեանի եւ Մհեր æուլհաճեանի անունները։ Բանակումին մասնակիցները լսեցին դասախօսութիւններ՝ «Հայ երիտասարդութեան ինքնութեան եւ դիմագիծի հարցեր», «ԼԵՄի ծնունդ եւ նպատակ», «ՀՅԴն եւ լիբանանեան քաղաքականութիւնը» նիւթերով։ Այս բանակումին ընթացքին նաեւ շեշտը դրուեցաւ հրատապ հարցերու շուրջ զրոյցներու վրայ, ինչպիսին են՝ Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանման տագնապալից խնդիրը, դէպի Արեւմտահայաստան եւ Կիլիկիա կատարուող ուխտագնացութիւններու երեւոյթը, ԼԵՄ-լիբանանահայ երիտասարդ կապի ամրապնդման հոլովոյթը, հակաթուրք պայքարի միջոցները։ Մասնակիցները նաեւ փոքր խումբերու բաժնուելով՝ կատարեցին «ուըրքշափ»ի աշխատանք՝ նիւթ ունենալով ԼԵՄի գործունէութեան զանազան դաշտերն ու այդ կապակցութեամբ 2011ին իրականացուելիք ծրագիրները։ Դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած զարգացման մրցումն ու զանազան մարզական խաղերը մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ ստեղծեցին երկու խումբերուն միջեւ։
Բանակումին մասնակիցները իրարմէ բաժնուեցան բանակումի ընթացքին ստացած իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնը ԼԵՄի աշխատանքներուն ի սպաս դնելու եւ զանոնք գործնականացնելու հրամայականով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.