ԱԹԷՆՔ.- Յունաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, Յունաստանի Ազգային պատմական թանգարանի սրահին մէջ կայացած է Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ Հայաստանի զինուորական կցորդ Սամուէլ Ռամազեանի հեղինակած «Հայ-յունական ռազմական առնչութիւնների եւ համագործակցութեան պատմութիւն» երկլեզու հրատարակութեան շնորհահանդէսը:
Գիրքը հանրագիտարանային բնոյթ ունի եւ կը ներկայացնէ հայ-յունական համագործակցութիւնը՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, ընդգրկելով նաեւ բազմաթիւ նորայայտ եւ առաջին անգամ տպագրուող վաւերագիրներ եւ լուսանկարներ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տրամադրած լրատուութեան, շնորհահանդէսին ներկայ էին Հայաստանի դեսպանատան անձնակազմը՝ դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Յունաստանի զինեալ ուժերու բարձրաստիճան սպաներ, գիտական, մշակութային, քաղաքագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, Յունաստանի խորհրդարանի անդամ եւ նախկին նախագահ Ափոսթոլոս Քաքլամանիս, Յունաստանի խորհրդարանի Հայ-յունական բարեկամութեան խմբակի անդամներ, Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզելոս եւ նախարարութեան ներկայացուցիչներ, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ եւ օտար զինուորական կցորդներ, լրագրողներ եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Խօսք առին գիրքի հեղինակը, հատորի գլխաւոր խմբագիր Յովսէփ Պարազեանը, Կոստանդնուպոլսեցիներու համաշխարհային միութեան նախագահ Նիքոլաուս Ուզունօղլուն, գիրքի թարգմանիչ Երանուհի Ղազարեանը եւ ուրիշներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.