ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ամերիկահայերը պէտք է վճռական հակազդեցութիւն ցոյց տան նախագահ Օպամային կողմէ Մեթիու Պրայզան Ատրպէյճանի մօտ եւ Ֆրենք Ռիքիարտոնէն Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ դեսպաններու պաշտօնին վրայ միակողմանի նշանակումներուն: Օգտուելով խորհրդարանական արձակուրդներէն՝ նախագահը շրջանցեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը, այդ «ընդմիջումային նշանակումները» կատարելու համար Դեկտեմբեր 29ին:
Թէեւ Ծերակոյտը նստաշրջանէն դուրս գտնուելու ընթացքին նախագահ Օպամա այսպիսի ժամանակաւոր նշանակումներ կատարելու օրինական իրաւասութիւնը ունի, սակայն անոր անխոհեմ որոշումը կրնայ շարք մը լուրջ հետեւանքներ ունենալ.
– Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպաններուն օրինականութեան եւ վստահելիութեան ձախողութիւն՝ զիրենք հիւրընկալող երկիրներու աչքին, քանի որ անոնց նշանակումները կատարուած են օրէնսդրութեան մէջ առկայ վաղեմի գործընթացին պատճառով, այլ ոչ թէ Ծերակոյտին պատշաճ հաստատումով:
– Առճակատում իր կուսակցութեան երկու նշանաւոր ծերակուտականներու՝ Պարպարա Պաքսըրի (Քալիֆորնիա) եւ Ռապըրթ Մենենտեզի (Նիւ Ճըրզի) հետ, որոնք «կասեցում» դրած էին Պրայզայի թեկնածութեան վրայ: Կորսնցնելով հանրապետականներուն կողմէ վերահսկուող Ներկայացուցիչներու տունը՝ Օպաման այժմ Ծերակոյտի դեմոկրատական նօսրացած մեծամասնութեան իւրաքանչիւր ձայնին խիստ կարիք ունի:
– Հակառակութիւն Ծերակոյտի բոլոր անդամներուն հետ, ծերակուտականները դեսպաններու թեկնածութիւնը հաստատելու իրաւասութենէն զրկելու պատճառով:
– Բոլոր կամուրջներու հրկիզում իր՝ նախագահին, եւ ամերիկահայերուն միջեւ, որոնք անոր ամենաջերմ աջակիցներէն էին վերջին նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին, արդէն իսկ խախտելով Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախի ինքնորոշման եւ Հայաստանի ֆինանսական օժանդակութեան վերաբերեալ տուած իր խոստումները:
Բարեբախտաբար, նախագահ Օպամայի ընդմիջումային նշանակումները ժամանակաւոր բնոյթ կը կրեն եւ կը տարբերին դեսպաններու բնականոն ծառայութեան ժամկէտէն: Անոնք վաւերական են ընդամէնը մէկ, այլ ոչ թէ սովորական երեք տարուայ համար: Պրայզան եւ Ռիքիարտոնէն, 2011 թուականէն ետք իբրեւ դեսպաններ իրենց գործունէութիւնը շարունակելու համար, նախագահ Օպամա պէտք է անոնց անունները անգամ մը եւս ներկայացնէ Ծերակոյտին՝ պատշաճ կերպով հաստատուելու համար:
Ծերակոյտն ու Ամերիկայի հայկական համայնքը բաւարար ժամանակ ունին անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն ձեռնարկելու՝ իրենց երեսին նախագահ Օպամայի հասցուցած ապտակը աննկատ եւ անպատասխան չձգելու համար: Երկու դեսպաններն ալ պէտք է ետ ուղարկուին ընթացիկ տարուան վերջաւորութեան:
Ահա այն քայլերը, որոնք կրնան Պրայզայի հաստատումը խոչընդոտել Ծերակոյտին մէջ, յառաջիկայ ամիսներուն.
– Հանգամանօրէն ուսումնասիրել Պաքուի մէջ Պրայզայի հրապարակային յայտարարութիւնները, մամուլի ասուլիսներն ու հարցազրոյցները՝ ստուգելու համար, որ ան պատշաճօրէն կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու շահերը Ատրպէյճանի մօտ, այլ ոչ թէ Պաքուի շահերը՝ Ուաշինկթընի մէջ:
– Հրապարակել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան դիմած ատրպէյճանցի լրագրողին ներկայացուցած փաստաթուղթերը. ան կը պնդէ, թէ 2007 թուականին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Պրայզայի հարսանեկան ճոխ հանդէսին ծախսերը վճարած է Ատրպէյճանի տնտեսական զարգացման նախկին նախարարը: Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի լսումներուն ընթացքին, Պրայզան երդում տալով՝ վկայեց, թէ իր հարսանիքին ծախսերը հոգացած է իր ընտանիքը: Եթէ Եւրոդատարանը յայտնաբերէ, թէ, իրապէս, Ատրպէյճանի կառավարութիւնն է որ ֆինանսաւորած է Պրայզային հարսանիքը, ապա զայն պէտք է մեղադրել երդման տակ ստելուն համար, հարկային ծառայութիւններուն նուէրները իբրեւ եկամուտ չներկայացնելուն համար եւ Միացեալ Նահանգներու որդեգրած՝ նուէրներ ստանալու եւ անոնց մասին յայտնելու քաղաքականութիւնը խախտելուն համար:
– Ուսումնասիրել անցեալ տարի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին անոր տուած բանաւոր եւ գրաւոր բոլոր յայտարարութիւնները, անոնց ճշմարտացիութիւնը պարզելու նպատակով:
– Որոնել շահերու բախումի ապացոյցներ՝ կապուած Պրայզայի թրքական ծագում ունեցող կնոջ՝ Զէյնօ Պարանի՝ «Հատսըն» հիմնարկի Եւրասիոյ քաղաքականութեան հարցերով կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնը զբաղեցնելուն հետ. նշեալ կեդրոնը Ուաշինկթընի մէջ գործող վերլուծական կեդրոններէն մէկն է, եւ կը ֆինանսաւորուի Կասպեան տարածաշրջանին մէջ գործունէութիւն ծաւալող «Ex-xonMobil» եւ ուժանիւթի այլ ընկերութիւններու կողմէ: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մեղադրած էր Պրայզան դաշնակցային բարոյականութեան կանոնները խախտելուն համար, թրքական եւ ատրպեճանական գործարար շահերու հետ անոր կնոջ ունեցած կապերուն պատճառով:
– Կապ պահպանել ծերակուտականներ Պաքսըրի եւ Մենենտեզի հետ, որոնք անցեալ տարի «կասեցում» դրած էին Պրայզայի թեկնածութեան վրայ, յորդորելով զանոնք անգամ մը եւս խափանել անոր հաստատումը, երբ Օպաման դարձեալ անունը ներկայացնէ Ծերակոյտին: Երկու ծերակուտականները նման վարուելակերպով պիտի վերահաստատեն իրենց նախնական համոզումը, թէ Պրայզան չի կրնար պատշաճօրէն գործել Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին վրայ:
Հայկական համայնքը սկիզբէն արդէն չէր առարկած Ռիքիարտոնէի թեկնածութեան: Սակայն, քանի որ Օպաման հակադրուած է հայկական շարք մը կարեւոր նախաձեռնութիւններու, եւ խախտած է անոնց վերաբերեալ տուած իր խոստումները, ապա ամերիկահայերը կրնան Օպամայի վարչակարգին նկատմամբ իրենց ընդդիմութիւնը ընդլայնել տարբեր ճակատներով: Անոնք պէտք է աջակցին այն ծերակուտականներուն, որոնք ընթացիկ տարուան վերջաւորութեան հակուած պիտի ըլլան «կասեցում» դնելու Ռիքիարտոնէի թեկնածութեան հաստատման: Նկատի ունենալով անցեալ տարի հանրապետական ծերակուտական Սեմ Պրաունպեքի՝ Ռիքիարտոնէի թեկնածութեան հաստատման դէմ «կասեցում» դնելը, ինչպէս նաեւ ընդմիջումային նշանակման դէմ պահպանողական ազդեցիկ շրջանակներու առարկութիւնը, Ամերիկայի հայկական կազմակերպութիւնները եզակի հնարաւորութիւն ունին սերտօրէն աշխատելու հանրապետականներու հետ՝ հակադրուելու համար Ռիքիարտոնէի հաստատման, ընթացիկ տարուան վերջաւորութեան:
Եթէ Ամերիկայի հայկական համայնքը իր քաղաքական ուժերը լարելով՝ ցոյց տայ, որ պատրաստ է եւ ի զօրու է պաշտպանելու իր շահերը, ապա շատ հաւանական է, որ Միացեալ Նահանգներու պետական պաշտօնեաները առաւել ուշադիր ըլլան հայկական հարցերուն նկատմամբ:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» Թերթի Հրատարակիչ եւ Խմբագիր