
ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հինգշաբթի, Յունուար 13ին, Մոսկուայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները այս ամիս հանդիպում մը պիտի ունենան։
Անդրադառնալով այս հանդիպումի դրդապատճառին՝ Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները յաճախ հանդիպում կ՛ունենան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու ձեւաչափով կատարուող իւրաքանչիւր բանակցութենէն առաջ։
«Արտաքին գործոց նախարարները այդ հանդիպումներուն ժամանակ կը ձգտին գտնել երկու-երեք հարցերու լուծումները, որոնք թէեւ աննշան են միւս՝ արդէն իսկ համաձայնեցուած հարցերուն համեմատութեամբ, սակայն աւելի բարդ կը համարուին», ըսած է Լաւրով։
«Ռուսիան համանախագահ միւս երկիրներու՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ, միասին ջանքեր կը գործադրէ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ համաձայնութեան ձեռք բերման համար», նշած է ան:
Խօսելով Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հետ կատարուող արդէն աւանդական դարձած հանդիպումներուն մասին, Սերկէյ Լաւրով ըսած է, թէ նման հանդիպումներ արդէն մէկ տասնեակէ աւելի եղած են։ «Բացի եռակողմ (ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահութեան մէջ) բանակցութեանց իր մասնակցութիւնը ունենալէ, Ռուսիա նախ եւ առաջ, ի դէմս նախագահ Մետվետեւի, Երեւանի եւ Պաքուի հետ իր յարաբերութիւնները կ՛օգտագործէ համանախագահներու արդէն իսկ համաձայնեցուած մօտեցումներու ծիրին մէջ՝ աշխատելով գտնել լուծումներ նաեւ երեք երկիրներու՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ, նախագահներու ձեւաչափին մէջ», յայտարարած է Լաւրով իր ղեկավարած կառոյցի անցեալ տարուան աշխատանքի ամփոփման նուիրուած ասուլիսին ընթացքին։
«Կարգաւորման այս հանգրուանին ամէնէն կարեւորը հարցը չխանգարելն է, որովհետեւ, երբ կը ներգրաւուին այնպիսի ամպիոններ, ինչպիսիք են ՄԱԿն ու ԵԱՀԿը, հարցը քննարկումներու դաշտէն հասարակական բանավէճի դաշտ կը տեղափոխուի», ընդգծած է Լաւրով։
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի տեղեկութիւններով, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յառաջիկայ հանդիպումը պիտի կայանայ Մոսկուայի մէջ։