Բարեսիրական «Լինսի» հիմնարկութիւնը 140,000 տոլարի նուիրատուութիւն կատարեց Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան վարժարանին:
Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Թեմական խորհուրդը իրենց սրտագին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն «Լինսի» հիմնարկութեան, որ անգամ մը եւս իշխանավայել նիւթական օժանդակութեամբ, մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ «Յովսէփեան» վարժարանին:
«Վստահ ենք, որ այս գումարը իր բարերար դերը պիտի ունենայ վարժարանի կրթական եւ հոգեւոր առաքելութեան յաջողութեան մէջ», նշուած է առաջնորդարանի դիւանին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: