ԼՈՆՏՈՆ.- Յունուար 15-21 թիւին մէջ իր առաջնորդող յօդուածով, «Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը անդրադարձած է Թուսանի մէջ տեղի ունեցած սպանդին յաջորդած քննարկումին: Թերթը կը նշէ, թէ քննարկումին ընթացքին շեշտը դրուած է միջադէպին նախորդած քաղաքական սուր բանավէճին վրայ, եւ շարք մը մեկնաբաններ սպառնալիքներով ու զինուելու կոչերով «համեմուած» այդ վէճը նկատած են զինեալ յարձակումին գլխաւոր դրադապատճառը:
Սակայն, թերթը կը նշէ, թէ շեշտը «բառերու փոխարէն՝ փամփուշտներու վրայ» պէտք է դրուի: «Յարգանքի արժանի ոչ մէկ այլ երկիրի մէջ քաղաքացի մը, յատկապէս երբ ան մտային անհաւասարակշիռ մըն է, կրնայ օրինապէս գնել այն զէնքը, որ գործածուած էր ոճրագործին կողմէ», կը գրէ թերթը՝ աւելցնելով, որ զինեալին գործածած 31 փամփուշտ կրող փամփշտակալը, մինչեւ 2004 թուական արգիլուած էր նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր վերջին տարիներուն զէնք կրելու արգելքները ոչ թէ աւելի կը սեղմուին, այլ հակառակը կը պատահի:
Թերթը մտահոգիչ կը նկատէ այս երեւոյթը եւ կ՛առաջարկէ որդեգրել զէնք կրելու աւելի խիստ օրէնքներ՝ գիտակցելով հանդերձ, որ Ուաշինկթընի ներկայ պայմաններուն մէջ նման սեղմումներ անհաւանական են: