ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին հայ քաղաքական միտքը անհարկի կը բորբոքէ ինքնակոչ «պետական մտածողութեան»… զառանցանքներուն հետեւանքով։
Խօսքը կը վերաբերի Արցախեան Պահանջատիրութեան հետ ու համաժողովրդային շարժման ալիքին վրայ իշխանութեան ղեկին տիրացած որոշ գործիչներու ինքնակոչ «պետական մտածողութեան»…
Ինքնակոչ էր եւ իրա՛ւ պետական մտածողութեան հետ ոչ մէկ կապ ունէր ազգային ու պետական «շահ»երը իրարմէ բաժնող, իրարու հակադրող եւ, իբրեւ այդպիսին, առաջնահերթութեան կարգի ենթարկող անոնց գաղափարախօսական զառանցանքը, որուն խնդրոյ առարկայ նորայայտ պետական այրերը ուզեցին հագցնել «պետական մօտեցում»ի եւ «պետական մտածողութեան» գունազարդ պատմուճանը։
Աւելի քան քսան տարիներ անցած են այդ օրերէն ասդին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կտրած է արդէն կայացման դժուարին, այլեւ հիմնարար ուղի, բայց ազգայինն ու պետականը իրարու հակադրելու քաղաքական ու գաղափարախօսական այդ հիւանդութիւնը դեռ չէ յաղթահարուած։ Նոյնիսկ, որոշ պարագաներու, աւելիով ախտավարակ դարձած է։
Պատահական չէ, որ այսօր ալ «պետական մտածողութիւն» չունենալու մեղքով կ՛ամբաստանուին ՀՀ իշխանութիւնները, երբ հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը կը հռչակեն մեր պետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը։
Կամ՝ Դաշնակցութեան առաջադրած եւ բոլոր ուժերով Հայ Քաղաքական Մտքի օրակարգին վրայ դրած Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը, եթէ երէկ յանուն «պետական մտածողութեան» կը խծբծուէր իբրեւ «ուզուորութիւն», այսօր ալ կը բանադրուի իբրեւ… «հայդատականութիւն», միշտ միեւնոյն հիւանդութեան դիրքերէն։
Փաստօրէն անցողիկ բնոյթ չունի քաղաքական այս հիւանդութիւնը։ Ընդհակառակն՝ ազգային առումով նաեւ ժառանգական կը թուի ըլլալ, որովհետեւ տարբեր դրսեւորումներով զգալի դարձած է մեր ժողովուրդի տարբեր սերունդներու կեանքին մէջ։
Բայց նաեւ կարելի չէ իր բախտին ձգել Հայ Քաղաքական Միտքը ներքնապէս հիւծող կեղծ «պետական մտածողութեան» այս հիւանդութիւնը, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը թեւակոխած է իր վերանկախացման քսանամեակը եւ այսօր, անցեալէն աւելի սուր կերպով, կը դիմագրաւէ ազգային պետականութեան իր կռուանները թէ՛ լիարժէք վերականգնելու, թէ՛ նորովի հիմնաւորելու առաջնահերթ մարտահրաւէրը։
Հայաստանն ու հայութիւնը ապրեցան եւ անցուցին արդար խանդավառութեան ու իրաւացի հպարտութեան այն հանգրուանը, որ հետեւած է իբրեւ անկախ պետութիւն եւ ազգութիւն միջազգային ընտանիքէն ներս սեփական տեղը գրաւելու յաղթանակին։
Եկած է ժամանակը կերտելու պետականութեան մեր ուրոյն մշակոյթը, ուր Ամենայն Հայոց Պետական Տան գաղափարը իր առանցքային տեղը պիտի գրաւէ, իսկ հայ ժողովուրդի Հաւաքական Կամքին եւ Ուժին պետական կազմակերպումը պիտի դառնայ անփոխարինելի երաշխիքը ազգային մեր լինելութեան նորօրեայ ինքնահաստատումին։
Որպէսզի հայ մարդը հարազատ որդիի եւ իրաւահաւասար տանտէրի զգացողութեամբ ու պատասխանատուութեամբ ընկալէ վերանկախացեալ պետականութիւնը իր հայրենիքին ու ազգին։
Որպէսզի Հայոց Պետական Տունը ի վիճակի ըլլայ ի մի բերելու հայրենական մեր հողերն ու աշխարհացրիւ բեկորները հայութեան։
Եկած է ժամանակը նմանակումներէն անդին անցնելու եւ կերտելու–ազգային իր արմատներուն եւ հոգեմտաւոր ժառանգութեան համահունչ՝ լիարժէք հայոց պետականութիւնը։
Ի վերջոյ չի բաւեր պետական պաշտօն զբաղեցնել, մինչեւ իսկ չի բաւեր պետական բարձրագոյն դիրքի արժանանալ, որպէսզի երկնառաք շնորհի պէս պետական մտածողութեան դափնեպսակը իջնէ եւ լուսաւորէ պետական այրի մը ճակատը։
Այդպէ՛ս է ընդհանրապէս, բոլո՜ր ազգերու կեանքին մէջ։
Այդպէ՛ս է յատկապէս մեր ածուին նման փոքր ազգերու պարագային, որոնք մինչեւ իրենց անկախութեան տիրանալը կամ իրենց ազգային անկախ պետականութեան վերականգնումը՝ զրկուած մնացած են պետականութեան ուրոյն մշակոյթէ։
Ինչպէս որ պետութիւնը սոսկ քաղաքական կազմակերպումի անօթ մըն է, նոյնպէս ալ պետական մտածողութիւնը քաղաքակրթական զարգացման հետ կատարելագործուող սոսկ պարունակ մըն է։ Երկուքն ալ կը պայմանաւորուին իրենց բովանդակութեամբ եւ պարունակեալով, որպէսզի իրենց ինքնութիւնն ու նկարագիրը գտնեն, որպէսզի չդատապարտուին ընդհանուր բնորդի մը մեքենական նմանակումը դառնալու ճակատագրին։
Իբրեւ պետութիւն եւ քաղաքական կազմակերպումի անօթ, բայց մանաւանդ իբրեւ պետական մտածողութեան պարունակ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր վերանկախացումէն ետք միայն կրցաւ քայլ առ քայլ յառաջանալ հայոց ազգային պետականութեան մշակոյթը կերտելու դժուարին ու անհարթ ճամբուն վրայ։
Արցախի ազգային–ազատագրական պայքարն ու անոր հակադրաբար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կիրարկած Հայաստանի ծանր շրջափակումը որոշապէս արգելակեցին ազգային պետականութեան մեր մշակոյթին արագընթաց զարգացումը։ Նոյնպէս եւ վայրագ հասարակափոխութիւնը ու խորհրդային ընդհանուր բնորդը արեւմտեան ինչ որ բնորդի մը նմանակումով փոխարինելու միջազգային ճնշումը իրենց կաշկանդիչ անդրադարձը ունեցան հայոց պետականութեան ազգային ուրոյն մշակոյթը հունաւորելու համազգային մեր ոգորումին վրայ։ Բայց ահա քսան տարիէ ի վեր, արտաքին թէ ներքին քաղաքականութեան բոլոր վերիվայրումներով հանդերձ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը հետեւողականօրէն ուղի կը հարթէ դէպի Հայոց Պետական Տան լիարժէք կայացումը եւ հզօրացումը, որոնց վրայ դողալու, գուրգուրալու եւ ուժերու առաւելագոյն լարումով ու համատեղումով տէր կանգնելու ամէն իրաւունք, միանգամայն ամէն պարտաւորութիւն ունի Հայ Քաղաքական Միտքը։
Հայաստանն ու հայութիւնը ունին ազգային պետականութեան սեփական մշակոյթը կերտելու առաջնահերթ խնդիրը, որպէսզի Հայոց Պետական Տան իր իմաստն ու արժէքը ամբողջականօրէն նուիրագործէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իբրեւ անփոխարինելի կռուանն ու երաշխիքը մէկ ու ամբողջական Հայաստանի ու հայութեան։
Իբր թէ «պետական մտածողութեան» անունով հրապարակ նետուող եւ ազգային մեր լինելութեան հրամայականներուն հակադրուող «պետական շահ»ի մնացեալ բոլոր «հասկացութիւնները» հիւանդագին զառանցանք են այս առումով։