ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Զրուցելով Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի աշխատակիցներուն հետ՝ «Նիուզ» գործակալութիւնը հասած է այն եզրակացութեան, որ համալսարանը վաճառքի դրուած է: «Նիուզ»ի զրուցակիցները, հասկնալի պատճառներով, ուզած են անանուն մնալ:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, բժշկական համալսարանի տնօրէն Գոհար Քէալեան, համալսարանի վերանորոգման եւ գիտարուեստական սարքեր ձեռք բերելու պատրուակով, ժամանակին ահռելի վարկեր վերցուցած է, սակայն երբ հասած է պարտքերը վճարելու ժամանակը, պարզուած է, որ տնօրէն Քէալեան «ի վիճակի չէ» փակելու զանոնք ու «ստիպուած է» վաճառել համալսարանին գոյքը, այսինքն՝ քաղաքի կեդրոնը գտնուող մասնաշէնքերը:
Նոյն աղբիւրները կը պնդեն, որ արդէն վաճառուած է ատամնաբուժական առաջին դարմանատան շէնքը, որ կը գտնուի բժշկական համալսարանի ենթակայութեան տակ, եւ ուր կը գտնուէր ատամնաբուժութեան ամպիոնը:
Աղբիւրները չեն կրցած յայտնել գործարքին յստակ արժէքը կամ գնորդին անունը, բայց նշած են, որ յառաջիկային ամպիոնը պիտի տեղափոխուի նոր շէնք, սակայն քաղաքին ծայրամասը: Նշենք նաեւ, որ երկար ժամանակէ ի վեր շշուկներ կը տարածուէին, թէ Աբովեան փողոցի վրայ գտնուող բժշկական հաստատութիւնները եւս կրնան վաճառքի դրուիլ: Առաջին օգնութեան հիւանդանոցի աշխատակիցներուն խօսքով, շէնքը տարիներ շարունակ չի վերանորոգուիր միտումնաւոր կերպով եւ կը գտնուի բարձիթողի վիճակի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.