ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ըստ «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Նիկոլ Փաշինեանի կնոջ՝ նոյն օրաթերթը հրատարակող «Դարեսկիզբ» ընկերութեան տնօրէն Աննա Յակոբեանին, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համմերպերկ Յունուար 20ին այցելած է օրաթերթի բանտարկուած խմբագիր Նիկոլ Փաշինաեանին:
Համմերպերկի այցին ընթացքին, Փաշինեանի շարք մը ընկերները եւ համակիրները հաւաքուած են «Արթիկ» բանտին դիմաց ու պարզած ցուցապաստառներ:
«Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակակիր, իրանցի իրաւապաշտպան Շիրին Էպատին Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին այցելած էր Նիկոլ Փաշինեանին, որից յետոյ յայտարարել էր, թէ կալանավայրն այն տեղը չէ, որտեղ պէտք է պահել լրագրողին: Մենք հէնց նրա խօսքերն էինք գրել ցուցապաստառի վրայ», յայտնեց Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) աքթիւիստ Վարդգէս Գասպարի, որ նոյնպէս մասնակցած էր ցոյցին: Վարդգէս Գասպարի յոյս յայտնեց, որ այդ խօսքերուն իմաստը կը հասնի նաեւ Թոմաս Համմերպերկին, եւ անոր այցը կը նպաստէ Նիկոլ Փաշինեանի ազատ արձակման:
Տակաւին յայտնի չէ թէ ի՛նչ խօսած են Համմերպերկն ու Փաշինեանը: Այդ մասին տեղեկութիւն չունի նաեւ Աննա Յակոբեանը: «Գիտեմ, որ հանդիպել են, բայց մանրամասներին տեղեակ չեմ, կապ չեմ ունեցել Նիկոլ Փաշինեանի հետ», յայտնեց ան ու աւելցուց. «Իմ կարծիքով, Համմերպերկի այցը, ինչպէս նաեւ առաջիկայում ԵԽԽՎում Հայաստանի հարցով համազեկուցողների այցը, կարող է ազդել ո՛չ միայն Նիկոլ Փաշինեանի, այլեւ միւս քաղբանտարկեալների ազատ արձակման վրայ»:
Ան նաեւ նշեց, որ այս պահուն, քաղբանտարկեալներուն ազատ արձակումը կախեալ է այն հարցէն, թէ ի՛նչ ճնշումներ կը գործադրէ ԵԽԽՎն Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ: Եթէ եւրոպացի պաշտօնեաներուն այցերէն ետք ալ քաղբանտրակեալները ազատ չարձակուին, ապա, Փաշինեանի կնոջ խօսքով, իրենք պիտի արձանագրեն, որ ԵԽԽՎ թերացած է իր աշխատանքներուն մէջ եւ ՀՀ իշխանութիւններուն նկատմամբ համապատասխան ճնշումներ չէ գործադրած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.