Շուէտացի Րոսլինկ Եւ Հայ Մտայնութեան Կերպարանափոխումը
ՍՈՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
Թոյլ տուէք այսօր ձեր օրը լուսաւորեմ՝ համաշխարհային առողջութեան մասնագէտ, հեղինակաւոր դասախօս, շուէտացի Հանս Ռոսլինկի մասին խօսելով:
Հիմա հարց պիտի տաք՝ ո՞վ է այս մարդը եւ ինչո՞ւ հայ մարդը պիտի իմանայ իր մասին.
Հանս Րոսլինկ ամերիկեան «Foreign Policy» հանդէսին կողմէ 2009 թուականին յայտնուեցաւ աշխարհի 100 առաջնակարգ միտքերու ցանկին վրայ, «մեր միտքերուն թռիչք տալու իր ունակութեան համար». փաստօրէն, բոլոր անոնք, որոնք հնարաւորութիւն ունեցած են լսելու փրոֆ. Րոսլինկը, կը հասկնան ի՛նչ ըսել կ՛ուզեմ:
Իր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Gapminder.org կայքէջը լուսաւորութեան հրաշալի աղբիւր է. կարելի է ժամերով մխրճուիլ վիճակագրութեանց մէջ:
Րոսլինկի մարդկային մտածելակերպ փոխելու ունակութիւնը եւ գորշ, ձանձրանալի ու անմատչելի վիճակագրութիւնները մեզի՝ հասարակ մահկանացուներուս համար հասկնալի, մարսելի եւ մանաւանդ օգտագործելի դարձնելու իր ճիգերը, յոյս կը ներշնչեն մարդուս. Այլապէս, ինչպէս կարելի է բացատրել այն, որ անոր ելոյթները youtube-ի վրայ ունին հարիւր հազարաւոր դիտողներ:
Պետական կամ միջազգային հիմնարկներու դարակներէն վիճակագրութիւնները դուրս բերելու եւ զանոնք հասարակական կեանքի ժողովրդավարացման ի նպաստ ազդակի վերածելու Րոսլինկի կամքն ու միտումը գնահատելի ըլլալով հանդերձ, զիս կը խանդավառէ վիճակագրութիւն ներկայացնելու անոր նորարար ոճը:
Դժբախտաբար, մենք կը շարունակենք աշխարհը դիտել հին, 60ական թուականներու ակնոցներով, ուր աշխարհը բաժնուած է երկուքի. Արեւմտեան զարգացած երկիրներ, ուր մարդիկ երկար կ՛ապրին փոքր ընտանիքներու մէջ, եւ Երրորդ Աշխարհի երկիրներ, ուր մարդը ունի կարճատեւ կեանք եւ մեծ ընտանիք: Մեր աշխարհայեացքը կը շարունակէ սնանիլ հնամաշ միտքերով, մինչդեռ մեզի պակսողը ճշմարտութիւններն ու իրողութիւններն են:
Մարդկային զարգացման առումով, Հայաստանը 87րդ տեղը կը գրաւէ 177 երկիրներու շարքին եւ կը գտնուի մարդկային միջին զարգացման խումբին մէջ (2009ի տուեալներով):
Առաջին հակազդեցութիւնս կ՛ըլլայ այն, որ լաւ է, միջակներու շարքին մեր հայրենիքը եւս կը տապակուի իր իւղով: Մի քանի ժամ Րոսլինկի կայքին վրայ զուարճանալէ ետք, ակամայ տրամադրութիւնս ամպոտեցաւ. հիմա պիտի ըսէք՝ մտահոգուելու ի՞նչ կայ:
Րոսլինկի վիճակագրական խաղերէն բխած քանի մը նմոյշներ՝ մեր պետականութիւնը յուզող հիմնական մտահոգութիւններ, կ՛ուզեմ վեր առնել այստեղ.
Առաջին՝ ժողովրդագրական իրավիճակ.
– Ծնելիութեան մտահոգիչ չափերու հասնող նուազում. Հայաստանի մէջ ծնելիութիւնը 1.4 աստիճան է, երբ բնակչութեան բնական վերարտադրութեան աստիճանը 2.1 է:
– Արտագաղթի սուր աճ. մեկնողներու 18 տոկոսը երիտասարդներ են՝ 15-24 տարեկանի միջեւ, (2007ի տուեալներով): Հայաստանի բնակչութիւնը արագօրէն կը ծերանայ:
Երկրորդ՝ առողջապահական համակարգ.
– Մանկական մահացութեան ցուցանիշն է 22՝ հազար ծնունդի հաշուարկով, իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պարագային, այդ ցուցանիշը միայն 7.8 է:
– Մայրական մահացութեան ցուցանիշն է 31՝ հարիւր հազար ծնունդի հաշուարկով, իսկ Լեհաստանի մէջ այդ համեմատութիւնը 7.7 է:
– Երեխաներու սնունդի բաւարարութեան աստիճանը նուազած է. մինչեւ հինգ տարեկան երեխաներու 37 տոկոսը կը տառապի անեմիայէ (2005ի տուեալներով):
– 2007ի տուեալներով, Հայաստանը առողջապահութեան ոլորտին յատկացուցած է իր պիւտճէին 1.5 տոկոսը, իսկ Ամերիկան՝ 15 տոկոսը. իւրաքանչիւր հայ մարդ իր առողջութեան համար կը ծախսէ 272 տոլար, իսկ ամերիկացին՝ 6714 տոլար:
Երրորդ՝ կրթութիւն.
Տարրական դպրոցի աւարտին ուսումը չշարունակող երեխաներու ընդհանուր թիւը այսօր մտահոգիչ միտում ունի. 2003ին, 1417 երեխայ դուրս մնացած էր դպրոցէն, իսկ 2009ին՝ 11,556 երեխայ: Թիւերը իրենք կը խօսին կրթական մատչելիութեան մասին. մէկ բառով՝ անհաւասարութիւն:
Չորրորդ՝ կանանց նկատմամբ խտրականութիւն.
Կանանց դէմ բռնութեան, սեռական եւ վերարտադրողական իրաւունքներու հարցերը նոր սկսած ենք քննարկելու ընտանիքէն դուրս: Կանայք թերներկայացուած են յատկապէս ղեկավար պաշտօններու մէջ. կանանց մասնակցութիւնը խորհրդարանին մէջ 8.4 տոկոս է. կին նախարարներու եւ փոխնախարարներու թիւը նուազած է 2002 թուականի 8 տոկոսէն, հասնելով մինչեւ 6.06 տոկոս՝ 2009 թուականին: Գիւղական համայնքներու 866 հոգինոց կազմէն միայն 23ը կին է: Կին գիւղապետ չկայ:
Երբ Րոսլինկի հարց կու տան, թէ ուրա՞խ է հարիւրեակի ցանկին վրայ յայտնուելուն համար, ան կը պատասխանէ. «Պէտք է ճիշդ ըլլալ. անունս 96րդ տեղի վրայ է». ապա կը շարունակէ. «Երբ կնոջս փոխանցեցի ուրախութիւնս, կինս հանգիստ պատասխանեց՝ մի փորձէր խուսափիլ, ինքնաշարժի անիւները պիտի՛ փոխես…»:
Շատ անիւներ այսօր մեր երկրին մէջ կարիք ունին փոփոխութեան: Այլեւս հայ մարդը, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, իր անգործութիւնը արդարացնելու տեղ չունի. բոլորս ալ ընելիք ունինք. անիւները պիտի փոխենք՝ ուզե՛նք, թէ ոչ: